Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տարեվերջ

December 28, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ինչ Որ Կրնանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Դժուար եւ դժբախտ տարեվերջ մը ունինք: Հակառակ մեծ ճիգին, ի գործ դրուած աշխատանքին, կորովին ու ամրապնդման բոլոր փորձերուն` մտահոգութիւններուն ալիքը այնքան բարձր է եւ ճնշող, որ հրաշքի համազօր յոյսի կարիք կայ, որպէսզի շրջանցենք այս տարեշրջանը:

«Քորոնա»-ով սկսած եւ «Քորոնա»-ով աւարտած տարին կորուստներու մեծ թիւ մը տարաւ հետը:

Մասնաւորաբար լիբանանահայութեան համար անցնող տարին, յունուարէն իսկ, արդէն ծանր կշռեց մեր բոլորին վրայ:

Ընտանիքի հայր, երիտասարդ, բժիշկ, երկրաչափ, դերասան, կուսակցական գործիչ, ազգային դէմք, կրօնական, կրթական մշակ, համալսարանի դասախօս, երիտասարդուհիներ, ընտանիքի մայր, միութենական աշխատող, բանուոր, արհեստաւոր եւ տարեց` բոլորն ալ զոհ գացին «Քորոնա» ժահրին:

Անունները մտքիս մէջ կը տողանցեն: Իւրաքանչիւրը իր տեղն ու վաստակը ունի: Իւրաքանչիւրը` իր յարգանքն ու արժէքը: Ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ այսքան մեծ ցաւ, իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին եւ բոլորը հաւաքաբար իրենց բացակայութեամբ մեր կեանքէն բան մը պակսեցուցին:

Տարեվերջ է: Հանգստացած էինք, որ պատուաստուած ենք: Նոր ալիքի սարսափն ու մտահոգութիւնը կը շրջապատեն ամբողջ աշխարհը: Ահազանգային միջոցառումներ ձեռք կ՛առնուին կանխելու համար հետեւանքները:

Ինչպէ՞ս ընել: Ինչպէ՞ս դիմադրել:

Միայն նախազգուշութիւնը կը փրկէ մեզ հաւաքական չարիքէն:

Պէտք չէ անլուրջ վարուիլ այս անգամ: Իւրաքանչիւրը իր կարելի միջոցներով պէտք է զգուշանայ:

«Քորոնա»-էն ետք մեր կեանքն ու կենցաղը ա՛լ փոխուեցան:

Մարդիկ սկսան աւելի առանձին մնալ: Ընկերային եւ մարդկային յարաբերութիւնները սահմանափակուեցան: Աշխատանքի եղանակը փոխուեցաւ: Կրթական համակարգը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ: Շուկայական ըմբռնումները փոխուեցան, առուծախի, գնումի, սպառողական եւ այլ սպասարկութիւններու եղանակը տարբեր դարձաւ:

Չենք գիտեր, թէ այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս կարելի է գոյատեւել: Որքա՞ն կրնանք գոյատեւել:

Անշուշտ Լիբանանն ալ իր ինքնուրոյն եւ աննախընթաց տագնապներով կու գայ աւելի ծանրացնելու կացութիւնը:

Տարեվերջի այս օրերուն` համբերութիւն եւ մխիթարութիւն «Քորոնա»-ի բոլոր զոհերուն պարագաներուն:

Լիբանանահայութիւնը մասնաւորապէս մեծ ցնցում ապրեցաւ: Պէտք է այս առիթով թուական մը ճշդուի, եւ «Քորոնա»-ի զոհերուն հաւաքական հոգեհանգիստ մը կատարուի:

Բոլորն ալ առանձին-առանձին իրենց տան ճրագն էին, եւ բոլորին յիշատակը անթառամ մնայ:

Վերջապէս պէտք է մենք մեզ հաւաքենք, մեր կամքն ու կորովը զօրացնենք:

Դժուար այս օրերուն իւրաքանչիւրս ուրիշը ուրախացնելու եւ օգտակար ըլլալու մասին մտածենք: Միասնաբար պէտք է անցընենք այս փոթորիկն ալ : Միասնաբար պէտք է դիմագրաւենք բոլոր մարտահրաւէրները: Այս օրերուն ամէնէն կարեւորը զօրակցութիւնն է եւ դրական ներուժի փոխանցումը, որպէսզի կարենանք դիմանալ:

Previous Post

Արդեօ՞ք Ադրբեջանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Ոչ Թէ Խոջալուի) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովրդի Հանդէպ

Next Post

Did Azerbaijanis Commit the Aghdam Massacre Against their Own People?

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.