ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ներքին Բեմ
Ներքին բեմին վրայ կը կանգնինք մեր գլխուն տեղացած` բազում մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նո՛յնքան ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ է, որքան` մնացեալներէն որեւէ մէկը: Հետեւաբար, որեւէ իշխանութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի բազում ախտերու դարմանումը, ո՛վ որ ալ գտնուի իշխանութեան ղեկին վրայ: Հայաստանի իշխանութեան ղեկը գրաւողը իրաւունք եւ լիազօրութիւն չունի արհամարհելու իր թերութիւնները, դիմացինին գործակցութեան պատրաստակամութիւնը, երկրին ու ժողովուրդին զլանալու կացութեան բարւոքումը: Արձանագրենք մէկ քանին.
1.- Առանց երկար մանրամասնութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու` այսօր կանգնած ենք դէմ յանդիման «տրամաբանութեան» մը, որ անմիջական պտուղն է 44 օրուան պատերազմին եւ կը թելադրէ (Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ ջուր կը լեցնեն այս ջաղացքին), որ Արցախի շուրջ 75 առ հարիւրին կորուստը վերջնական հարց է, պէտք է վերջնականապէս համոզուինք ստեղծուած նոր «աշխարհագրութեան» եւ փորձենք փրկել, վերականգնել այն, ինչ որ մնացած է մեզի (ուրիշներ հաճած են շնորհ ընել պատառիկ մը): Այս իրողական մտածելակերպը ընդունող-տարածողները չեն անդրադառնար, որ այս իրավիճակը ընդունելով, մարսելով եւ մարսել տալով` փաստօրէն կը հաստատեն թուրք-ազերիական խեղաթիւրումը, ըստ որուն, Արցախը Ազրպէյճանին պատկանած է միշտ (Ստալինն իսկ այդպէս չէր ըսած), կը նուիրագործեն այն մեղադրանքը, որ հայեր բռնագրաւած էին ազերիական հողեր եւ, ահա, ամէն մարդ իր իրաւունքը կը վերստանայ (մինչեւ իսկ չեն տեսներ, կամ չեն լսեր, թէ թուրքն ու ազերին պարզապէս կը պատրաստուին ամբողջ Արցախն ու Հայաստանի մեծագոյն բաժինն ալ մարսելու): Մինչդեռ ներքին ճակատի վրայ պէտք է վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնն ու անոր հայութեան` Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հաւատարմութիւնը, յանձնառութիւնը, տիրութիւն ընելու, վերատիրանալու քաղաքական կամքը: Եւ սա կարեւոր մեկնակէտ է ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ, ՇԱՀԵՐՈՒ վերականգնումին, անոր հիմամբ նոր հորիզոններու մշակման: (Ազգային շահ հետապնդելը բնականաբար չի նշանակեր ուրիշինը ոտնակոխել, ինչպէս կ՛ընեն թուրքն ու ազերին):
2.- Յիշեալ կէտէն մեկնելով, իշխանաւորներէն մինչեւ ընդդիմադիրներ եւ հասարակական կեանքի մէն մի մասնիկ` պարտաւոր է վերականգնելու ներքին միասնականութիւնը, ընդհանրական վտանգներուն դիմաց միացնելու ձեռքերը: Միասնականութիւն չի նշանակեր համայնավարական ոճով միատեսակ մտածելակերպ, այլ` տարիներէ ի վեր ժողովուրդը բաժանումներու մատնող ալիքներուն զսպումը, անոնց դէպի սփիւռքեան ափեր տարածման կանխարգիլումը, ՄԷԿ ԱԶԳ-ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ մտածումին գործնականացումը: Փաստօրէն, միայն վերջին 2,5 տարիներուն չէր, որ բաժանուածութիւնն ու փոխադարձ ատելութիւնը խաւ առ խաւ խորացան: Սեւ-սպիտակի, յեղափոխական-հակայեղափոխականի, հին-նորի եւ այլ պիտակաւորումները, անկէ բխած անհանդուրժողութիւնը պարզապէս նոր անուն ստացան վերջին տարիներուն եւ մտրակահարուեցան իշխանութեան ամէնէն բարձր դիրքերէն` ներգրաւելով ընդդիմադիրները: Միասնականութիւն, ժողովրդավարական համակարգի մէջ միասնականութիւն` կը նշանակէ ունենալ գաղափարական եւ մտածելակերպի տարբերութիւն, սակայն իբրեւ առանցքային կիզակէտ` ընդունիլ երկրին ու ժողովուրդին կացութեան բարելաւումը, անվտանգութեան նախապայմաններուն ապահովումը, տեսնել, որ բուրգին գագաթը բոլորը միացնող կէտն է, իսկ այդ բոլորը իրականացնելու համար պէտք է վարել ազնիւ մրցակցութիւն, առանց անտեսելու եւ արհամարհելու դիմացինները, նախորդներն ու անոնց դրական քայլերը, չունենալ այն սնափառութիւնը, թէ ինձմէ առաջ ջրհեղեղ էր, ես նոր Նոյ նահապետն եմ, եկած եմ ամէն բան հիմնայատակ կործանելու եւ միայն իմ պատկերացումովս գործ տեսնելու: Մեր այսօրուան դառն կացութեան մէջ գտնուողը ինքզինք պարտաւորուած կը զգայ մէկդի դնելու մեծ ու փոքր տարակարծութիւն եւ ստեղծել ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ:
Եւ թող յստակ ըլլայ բոլորին, որ անկարելի, երազային բաներու մասին չէ մեր խօսքը: Անցեալին, նաեւ` երէկ, պատերազմի օրերուն, ազգը յաճախ դարձաւ միացեալ բռունցք, կամք դրսեւորեց` տարակարծութիւնները մէկդի ձգելու եւ ձեռքերը միացնելու պետական իշխանութեան շուրջ:
3.- Մեր հայրենքի ապահովութեան եւ պահպանումին մէջ, ո՛չ ոք կրնայ վիճիլ, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր ու առանցքային դեր ունին բանակը, ոստիկանական ուժերն ու ապահովութեան սպասարկութիւնները: Ո՛չ ոք ինքն իրեն պէտք է իրաւունքը տայ կոտրելու ուժական բազուկներուն կարողականութիւնը, քաղաքական հաշիւներու խաղալիք դարձնելու զանոնք: 44 օրուան պատերազմը ահաւոր եւ անհամաչափ վնաս պատճառեց մեր զինուժին (թուարկումը աւելորդ է): Անյետաձգելի կարեւորութիւն ունի բանակին եւ ուժական կառոյցներուն ամբողջական վերականգնումը` սկսելով ղեկավարութենէն ու զինական կարողութիւններէն, այն մօտեցումով եւ տրամաբանութեամբ, որ մեր զինուժն ու ֆետայական յենարանները կը տիրէին անցեալ տասնամեակներուն եւ որուն իբրեւ արդիւնք` անոնք 90-ականներէն սկսեալ ու մինչեւ 2016-ի ճակատումներէն յաղթական դուրս եկան (անմիջապէս արձանագրենք, որ սա նաեւ կ՛ենթադրէ քաղաքական-դիւանագիտական յենարաններուն լիարժէք վերականգնումը: Այս մասին` նաեւ աւելի ուշ):
4.- Պատերազմական գերիներու եւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորսուածներու հարցը այլ դառն տագնապ մըն է, որ դժբախտաբար, ստեղծուած ծանօթ կացութեան մէջ, առաւելաբար կը ներգրաւէ բոլոր կողմերը, որքան ալ որ ուժգին հնչեն «այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնենք» կոչերը եւ տեսնել, որ մեր վնասներուն եւ կրած պարտութեան իսկական արմատը` թուրքն ու ազերին են: Իշխանութիւն(ներ)ը մէկ կողմէ կ՛աշխատի վերադարձնել գերիներ, անդին, ազերիական կողմը «ճարպիկօրէն» նոր գերիներ կ՛որսայ (մեր փշրուած «աթոռներուն» հետեւանքով), զանոնք վերածելու սակարկութեան նոր խաղաթուղթի: Այս ծիրին մէջ չենք կրնար անտեսել իշխանութեան «ստեղծած» այն իրավիճակը, որուն մէջ ծնողներ պահանջ կը դնեն (զգացականօրէն` իրաւացի) ո՛չ միայն իրենց զաւակներուն հետքը գտնելու եւ գերութենէ, անթաղ գերեզմաններէ վերադարձնելու, այլ նաեւ կը բարձրանան` «թող մեր զաւակները Հայաստանի մէջ ծառայեն» տրամաբանութեամբ կոչեր: Իրողապէս, Հայաստանը այս գետնի վրայ ալ կարծէք թէ կը հետեւի իշխանութեան տրամաբանութեան եւ ձեռքերը կը լուայ Արցախի պաշտպանութենէն` մտնելով այն «մաշկին» մէջ, որ իրեն կը թելադրէ մտածել, որ Արցախը թուրք-ազերիին կը պատկանի եւ Հայաստան բնակողը ստիպուած չէ զայն պաշտպանելու… Նման նշում, այս փուլին, հաւանաբար լեղի թուի ծառայող զաւակներ ունեցողներուն, որոնց այս մօտեցումը արդարացնող միակ կէտը այն է, որ կը տեսնենք թէ իշխանութիւն(ներ)-ը ինչպիսի պատուհասի բերանը նետեց մեր բանակն ու անոր խիզախ ծառայողները, եւ մարդիկ առայժմ կորսնցուցած են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ունենալու եւ անոր պաշտպանութեան հաւաքականօրէ՛ն պատասխանատու ըլլալու զգացողութիւնը: Հարցը հիմա հասած է հոն, որ լոռեցին կամ գեղարքունեցին իրաւունք ունի մտածելու, թէ իր զաւակները ինչո՞ւ պէտք է պաշտպանեն Սիւնիքն ու Վայոց Ձորը, մինչեւ իսկ… քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող գիւղն ու քաղաքը: Փաստօրէն, երբ բանակի հրամանատարութիւնը սահմանապահ ուժերուն կը յանձնարարէր Կապանի դիմացի բարձունքները ազերիներուն զիջիլ, պաշտօնական լրատու միջոցներ շրջանի կարգ մը գիւղերէն անուղղակի քարոզչութիւն կ՛ընէին, որ 500 կամ հազար մեթր անդին հաստատուող ազերիական ուժերը խուճապային վիճակ չեն առթեր, այսինքն` «Ի՞նչ կայ որ, կրնանք ազերի քիրվաներուն հետ կենակցիլ, մոռնալ, որ անոնք Արցախի մէջ ամէն օր նոր գիւղ մը կամ պարտէզներ կը խլեն հայերէ, փոկրոմներ կազմակերպեցին, մեզմէ հայրենի հողեր խլեցին, կ՛ուզեն նորեր ալ խլել…»:
5.- Վերոյիշեալ կէտերուն անմիջականօրէն կը կապուի պատերազմին ծալքերուն բացայայտումը եւ յանցաւորներուն հաշուետուութիւնը, արդար պատիժներու ենթարկումը: Անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի` դատաիրաւական իսկապէ՛ս անկախ եւ արդար համակարգի մը բիւրեղացումը, դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան երաշխաւորումը: Աւելորդ է երկար անդրադառնալ, թէ անցեալի եւ «յեղափոխական» իշխանութիւններուն օրով այս համակարգը ինչպիսի՛ վիճակներու մատնուեցաւ, մինչդեռ ժողովրդավարութեան ամէնէն հիմնական կիրարկումներէն մէկը այն է, որ երկրի ԳՈՐԾԱԴԻՐ, ՕՐԷՆՍԴԻՐ եւ ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւնները պէտք է իրարմէ անկախ հեղինակութիւններ ըլլան, վերածուին զիրար հակակշռող, մէկզմէկ հսկող եւ ինքզինք միւսներէն գերադաս սեպելու ընթացքը խափանող-դարմանող իշխանութիւններու: Պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին թէ անկէ ետք (տարիները չենք սահմաներ կամ սահմանափակեր), արձանագրուած են` թերութիւններ, անփութութիւններ, ապիկարութիւն, սխալ դատողութիւն, իրականութիւններու հանդէպ արհամարհանք, անհարկի եւ սխալ դասաւորումներ եւ այլն: Պատերազմի օրերուն այս մասին բերանները կը մնային լուռ, եւ ատիկա ճիշդ էր: Պատերազմի աւարտէն ետք «բացուեց լեզուն իմ մանկիկին»-ի տրամաբանութիւնը տիրական դարձաւ, երբեմն յարութիւն առին նաեւ… փանջունիներ:
Առաջնահերթ եւ անյետաձգելի հրամայական է, որ եղածին ու չեղածին քննութիւնը կատարուի անաչառ մօտեցումով, մէկը անարդարօրէն վար զարնելու, ուրիշ մը փրկելու տրամաբանութենէն հեռու, այլ բանակին, հայրենիքին ու ազգին բարիքին հետամտութեամբ: Քննութեան համար պէտք է նկատի ունենալ դատական երկու գլխաւոր մարզ` զինուորական եւ քաղաքային: Նպատակը` գտնել, թէ ո՞վ դաւաճանած է կամ ապիկար գործ տեսած է, իսկապէս կարող զինուորականներ ու քաղաքական մարդիկ հեռու պահուա՞ծ են պատերազմէն, արտաքին ի՞նչ ուժեր, գործօններ, շահեր դեր ունեցած են, փտածութեան ի՞նչ նոր տարբերակներ ծնունդ առած են… Այբէն մինչեւ օ-ֆէ: Սա պէտք է կատարել լուսարձակներէ հեռու, մինչդեռ հիմա որդեգրուած է «բաց-պատարագ»-ի ոճը, իրականն ու շինծուն-քարոզչականը իրարու հետ մրցումի ելած են, եւ բարձրացած աղմուկին, փոշիին մէջ կորսուած է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, առանց առարկայական քննութեան` վճիռներ կ’արձակուին հրապարակաւ ու պատկերասփիւռներէն, համացանցի էջերէն, երբեմն արդարօրէն, երբեմն չափազանցութեան հասնելով: Այս գետնի վրայ քննութիւնները պէտք է տանիլ որոշ խորհրդապահութեամբ (եւ թող ո՛չ ոք հրապարակ գայ «մարդիկ ամէն բան պէտք է գիտնան»-ի գիւտով, որովհետեւ «մարդիկ»-ը կ’ընդգրկէ նաեւ թշնամին ու խեղաթիւրելու մոլուցքով տարուողը): Պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն քննութիւնը պէտք է զերծ մնան ամբոխավարութենէ եւ քաղաքական սակարանի «տրամաբանութենէն»:
6.- Պատերազմը ահաւոր հարուած տուաւ նաեւ երկրի տնտեսութեան, որ այլապէս ինկած էր աշխարհը վարակած` պսակաձեւ ժահրի ազդեցութեան տակ: Արցախի հողերուն մեծ մասին կորուստը, երկրագործական (նաեւ` այլ) մարզին կրած ծանր վնասներն ու սահմանափակումները, ուժանիւթի աղբիւրներու կորուստը եւ նման «գաճաճ» պատուհասներ իրենց կողքին ունին ոտքը տեսանելի, սակայն գագաթը ամպերու մէջ կորսուած «հսկայ» մը, որ կը կոչուի բնակավայրերու քանդում եւ շուրջ 100 հազար գաղթական: Ճիշդ է, որ արցախցի գաղթականներէն մաս մը կը վերադառնայ այն փոքր տարածքը, որ մեզի մնացած է Արցախէն, սակայն չենք կրնար մեր աչքերը փակել այն դաժան իրականութեան վրայ, որ բազմատասնեակ հազարաւորներ ցնոր տնօրինութիւն պիտի մնան պետական եւ մարդասիրական նպաստներէ կախեալ ըլլալու վիճակին մէջ: Արցախէն մինչեւ Հայաստան` գործազրկութիւնը (ո՛չ միայն պատերազմին պատճառով), արտադրողականութեան նահանջը եւ անոնց «յաւելուածները» իսկապէս դժուար յաղթահարելի (չըսելու համար` անկարելի) կացութիւն ստեղծած են: Սա կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն պետական համակարգի ներուժին ամբողջական լարումը, այլ նաեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան աջակցութեան բազմապատկումը, միջազգային նպաստներու ապահովում: Պատերազմին սանձումէն նուազ քան ամիս մը ետք դրամին արժեզրկումը, սղութեան ալիքներու երեւումը եւ այլ ցուցանիշներ երկար մեկնաբանութիւններու եւ ահազանգի պէտք չունին: Այս գետնի վրայ իշխանութիւնը իրաւունք չունի «լաւ պիտի ըլլանք»-ի խաբկանքը տարածելու երկրին մէջ, այլ պարտաւոր է չոր իրականութիւնները ցոյց տալով` բոլորին հետ միացնելու ձեռքերն ու ներքին եւ արտաքին կարողականութիւնները:
7.- Վերի կէտին կը հետեւի ներդումներու ապահովումն ու Հայաստանը գրաւիչ դարձնելը: Գաղտնիք չէ, որ աշխարհի մէջ կան հսկաներ, որոնք իրենց սեփականութիւնը կը համարեն որեւէ երկրի մէջ բնական հարստութեանց եւ շուկաներու յանձանձումը: Որեւէ երկրի իշխանութեան եւ տեղւոյն գործարարներուն իրաւունքն է գործակցութեան (եւ ո՛չ միայն նեղ-շահակցութեան) տարազներ գտնել այդ անհայրենիքներուն հետ, անոնց նիւթական կարողութիւններէն օգտուելով եւ անոնց տրամաբանական շահ ապահովելով` պաշտպանել նաեւ սեփական երկրին ու ժողովուրդին շահը, ակնկալիքները (այս կէտը սերտօրէն կ՛առնչուի արտաքին գործօններու, կը կարօտի մասնագիտական եւ առանձին քննարկումի): Կը հետեւի նաեւ, որ Հայաստանի բնական հարստութեանց վերաբերող քաղաքականութեան վերատեսութիւնն ալ անյետաձգելի հրամայական է:
8.- Կրթական-ուսումնական մարզի հիմնական վերանայում եւ ազգային արժէքներու հիմամբ վերածրագրաւորում (սա վերը յիշուածէն որոշ տարբերութիւն ունի): Բացայայտ է, որ Հայաստանի մէջ, մինչեւ իսկ` երկրորդական ուսման մակարդակին վրայ, հայերէնն ու պատմութիւնը, մեր մշակութային արժէքներու իմացութիւնը հարուածներ կրեցին վերջին տարիներուն, կը սպառնան մեր պատմութենէն որոշ խզումի տանիլ նոր սերունդները: Յիշենք միայն բարձրագոյն ուսմանց կրթարաններէն որոշ նիւթերու պարտադիր չըլլալու որոշումը` աւելի քան տարի մը առաջ, իսկ` տակաւին վերջերս հրապարակ եկած այն նորութիւնը, թէ համալսարան մուտքի քննութիւններէն պիտի զեղջուին հայագիտութեան որոշ նիւթեր, եւ սա` տխրահռչակ նախարարին փոխարինումէն ետք ալ, ինչ որ ցոյց կու տայ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ մէջ նահանջն ու անկումը, ապազգային-ազգաթափումի մտայնութեան տիրապետութիւնը ա՛յն օրերուն, երբ Արցախի մէջ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԱՏՄԱԿԱՆ աղէտներ կը դիմագրաւենք (տարրական գիտելիքի մասին է խօսքը). նախարարութենէն նման «ներշնչում» ստացող միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտը ինչո՞ւ պարտք պիտի զգայ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու այս նիւթերուն իմացութեան, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացման… Ըսինք, չէ՞, աշխարհը կը տարուի դէպի… աշխարհաքաղաքացիներ պատրաստելու, իբրեւ ալֆա եւ օմեկա ճանչնալով նիւթը:
9.- Լրատուութեան ու քարոզչական ցանցերը նմանապէս հիմնական վերականգնումի եւ վերատեսութեան կը կարօտին: Այս մասին երկար խօսիլ չ’արժեր: Կը բաւէ միայն արձանագրել, որ պատերազմի օրերուն միաձայնութեամբ գործող լրատու աղբիւրները նոյեմբերի 10-էն ետք վերադարձան բաբելոնեան խառնիճաղանճի վիճակին: Պատկերասփիւռ-թերթի կալուածէն անդին` կայ անշուշտ համացանցային «բաբելոնը», ուր տիրապետողը… հայհոյանքն է ու վատաբանումը, սեփական աչքի գերանը չտեսնելու եւ դիմացինի աչքին մէջ երբեմն չեղած շիւղը իբրեւ կոթողական գերան ցոյց տալու «հնարամտութիւնը» (սա նորութիւն չէ, տարիներու չար աւանդութիւն դարձած է ո՛չ միայն հայկական աշխահին մէջ. մոռցուած է Յ. Պարոնեանի այն իմաստուն խօսքը, թէ «հայհոյանքը փաստի սով է»):
Նոր փուլին, եւ` հայրենիքի ու ազգի շահերուն սիրոյն, պէտք է ազդու հսկողութեան տակ առնել տեղեկատուական-քարոզչական մեքենաները, կեղծ աղբիւրները: Պէտք է արհամարհել ներածուած այն «իմաստութիւնը», որ նման սանձումով` կ՛ոտնակոխուի խօսքի, արտայայտութեան ազատութիւնը: Երբ անհիմն խօսքն ու հայհոյանքի հասնող ազատ արտայայտութիւնը երկիրն ու ազգը կը հասցնեն կործանման եզրին, նման ձեռքեր ու լեզուներ կտրելը առաքինութիւն պիտի սեպուի:
10.- Իշխանութեան համար նոյնքան առաջնահերթ է բազում այլ հարցերու դիմագրաւումն ու վերադասաւորումները: Այս կէտին մէջ արագօրէն թուենք հետեւեալները, որոնց համար, ինչպէս սկիզբը շեշտեցինք, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ վերականգնումն ու ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆ մարտավարութեան յստակացումը անյետաձգելի են (ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆը օտարամերժութիւն չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ ի հարկին օգտուիլ այլոց դրական իրագործումներէն, ներդաշնակութիւն ստեղծել ուրիշի բարիքին հետ, սակայն նաեւ` մերժել ազգային դիմագիծին եւ աւանդներուն հակադրուողը):
Ա) Ազգային արժէքներու ամբողջական վերականգնումը եւ այլասերող գործօններու մերժումը, չէզոքացումը: Այս կալուածին մաս կը կազմեն մեր Եկեղեցւոյ պահպանումը (անհատներէն անդին. մանաւանդ` աղանդաւորականներու մերժումը) եւ անոր ազգային դերակատարութեան գիտակցումը, լեզուի ու պատմութեան ուղեցոյցները, գլխագիր մշակոյթի տարբեր մարզերուն մաքրազտումն ու արժէքային հունի վերադարձը (երգ-երաժշտութիւն, գրականութիւն, կերպարուեստ եւ այլն):
Բ) Կենսոլորտի տագնապին յաղթահարումը (Սեւան, ջրային հարստութիւն, հանքեր` ոչ միայն տնտեսական առումով: Չմոռնանք նաեւ Ջերմուկի նման հարստութեան մը ուղղուած ֆիզիքական նորաստեղծ վտանգը, որ միայն կենսոլորտային չէ, դրացի հանքին պատճառով):
Գ) Առողջապահութեան մարզ. պատերազմը, անկէ առաջ` համաճարակը ցոյց տուին, որ այս գետնի վրայ եթէ գոհ ըլլալու պատճառներ ունինք, մարզը հեռու է անթերի ըլլալէ:
Դ) Զբօսաշրջութիւն եւ յարակից կալուածներ, ինչպէս` պատմական վայրերու հոգածութիւնը եւ զբօսաշրջութեան քարտէսին հարստացումը (մեզմէ խլուած հողերուն վրայ մնացած կոթողներու հարցը այլ կարեւոր կէտ է): Հաւանաբար մտածողներ ըլլան, թէ այս պայմաններուն մէջ` ի՜նչ խօսք զբօսաշրջութեան մասին, սակայն երբ կը խօսինք տնտեսական վերականգնումի մասին, եւ Հայաստանի պէս երկրի մը համար, պէտք չունինք երկար-բարակ ըսելու, թէ այս մարզը ինչպիսի՛ կենսական նշանակութիւն ունի:
Ե) Գիտական-արհեստագիտական ոլորտներու զարգացումը, բարելաւումը: Ոեւէ հայ անցեալ տարիներուն հպարտութեամբ կը լսէր, որ մինչեւ իսկ մեր պատանի աշակերտները կը տիրանան արդի արհեստագիտութեան գաղտնիքներուն, դարձած են հնարողներ, մրցանակներ կ՛ապահովեն տեղական եւ միջազգային ողիմպիականներու: Պատերազմը եկաւ ցոյց տալու, որ այդ բոլորը գործնական գետին չեն հասած: Վերջերս, անվերապահ գոհունակութիւն առթող տեղեկութիւն մը հրապարակ եկաւ, թէ` արդի արհեստագիտութիւնը պիտի կիրարկուի պաշտպանական ճարտարարուեստի զարգացման մէջ: Վերջին պատերազմին դիտանկիւնէն` ուշացած քայլ, ապագայի հեռանկարով` անվիճելիօրէն ողջունելի:
Այս եւ նման հրամայականներէ մեկնելով է, որ պէտք է դիտենք ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մը կազմութեան առաջադրանքը, որ սոսկական իշխանափոխութիւն մը պիտի չըլլայ, անկախ, որ անիկա բացարձակապէս պէտք չէ դիտուի-ըլլայ աթոռակռիւ, ինչպէս կը վատաբանեն իշխանութեան մարդիկն ու անոնց
շեփորահարները: Հայաստանի իշխանութեան ղեկը յանձն առնողը, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան, չի կրնար տուրք տալ սեփական կամ մասնակի հաշիւներու, հետապնդել այդպիսի շահեր, այլ անոր մեկնակէտն ու վախճանակէտը պիտի ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԻ վերականգնումը` իր բոլոր մարզերով, կալուածներով եւ ստորոգելիներով: Մասնաւորաբար ներքին գետիններու
վրայ պէտք է վերջ տալ «անցեալցիներ»-ը մեղադրելու անվաղորդայն վարքագիծին, «քաղաքականութեան» (մինչեւ իսկ եթէ անոր մէջ կայ նուազագոյն կամ աւելի մեծ ճշմարտութիւն), որովհետեւ անցեալի տուեալներով զիրար խարազանելը գործնապէս շահ պիտի չբերէ, աւելի՛ն, պիտի տկարացնէ այն ենթահողը, որ պիտի գործածենք մեր արտաքին յարաբերութիւնները եւ աշխատանքները ամուր
հիմերու վրայ դնելու համար:
Եւ, ինչպէս նշեցինք, արտաքին կալուածը առանձին աշխարհ մըն է` առանց բոլորովին անջատ ըլլալու ներքինէն: