Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տարին Փոխուեցաւ, Բայց…

January 11, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Կը  Մօտենայ Ամավերջը…
Անուշ Նագգաշեան
Տարին փոխուեցաւ բայց հայ իրականութեան մէջ փոփոխութիւնը դէպի վատը եղաւ, օրական նորութիւն մը կը լսենք եւ շուարած ենք, որո՞ւն հաւատանք եւ որուն ոչ… Կարծեցինք ամէն վատ բան պիտի աւարտի 2020-ին հետ, սակայն 2021-ը նոյնպէս լաւ չսկսաւ։ Ինչպէս կրնար սկսիլ… Հարուածէն արթննալու համար դեռ քանի՜ Նոր Տարիներ կ՚ուզենք… Սերունդ մը վերացուցին… Մեր հաւատքը փշրեցին ամենացած եւ վատ ձեւով 44 օրեր յաղթանակի սպասելէ ետք… Յաղթանակ բառը խաբէութեան հոմանիշ դարձաւ… Ծնողներ կարծես հաշտուած իրենց զաւակներուն կորուստովը՝ կ՚ուզեն իրենց մխիթարութիւնը յայտնաբերուող դիակներուն մէջ գտնել… «Գոնէ մարմինը գտնենք» կ՚ըսեն։ Անդադար կը սպասենք թշնամիին կողմէ երեւցող տեսահոլովակներու, ուր կարելի պիտի ըլլայ վշտահար ծնողներուն ճանչնալ իրենց զաւակները գերիներուն մէջ, դարձեալ մխիթարութեան ձեւ մը… Ուրիշ մխիթարութիւն չմնա՞ց մեզի… Ո՞ւր հասցուցիք այս անկոտրում կամք ունեցող, անպարտ եւ հպարտ ժողովուրդը…
Կրճատուած ու փոքրացած հայրենիք մը անգամ շատ կը տեսնեն մեզի… Ժողովուրդ մը, որ աշխարհին միայն լոյս ու գիտութիւն տուած է, արուեստ ու մշակոյթ… «Պտղատու ծառին քար զարնող շատ կ՚ըլլայ» կ՚ըսէ ժողովրդական առածը, Հայաստանը պտղատու ծառ է, եւ այսօր ոչ միայն մենք առիթ կու տանք ճիւղերը կոտրտելով պտուղները տանելու, այլեւ մենք արմատախիլ կ՚ընենք այդ ծառը…
Յետո՞յ…
Միտքս ու հոգիս տակնուվրայ են, արդէն անծանօթ են իրարու…Այնքան խելք տուինք աշխարհին, որ մենք մնացինք առանց խելքի…
Ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը… Դարձեալ դարձանք խաղալիք… Կարելի՞ է այսքան անտեսել երկիրը, եկեղեցին, ժողովուրդը, մտաւորականութիւնը…
Մէկ յոյս մնացած է մեզի՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՐԱՇՔը… Ամենազօրաւորն անգամ կը փշրուի Տիրոջ զօրութեան դիմաց… Սակայն հաւատք է պէտք անոր համար եւ ես կը հաւատամ, որ ինչ ալ պատահի Տէրը անտէր պիտի չձգէ իր անդրանիկ զաւկին։
10 Յունուար, 2021
Երուսաղէմ
Previous Post

Support for Olympics hits new low in Japan: poll

Next Post

Հայուն Եւ Լիբանանահայուն Համար Նուիրուած Կեանք Մը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.