Ռումանական «Տարոմ» օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթական երկու, յետագային արդէն` երեք, կանոնաւոր չուերթներ կ’իրականացնէ Պուխարեստ-Երեւան ուղղութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Զուարթնոց» օդակայանի մամլոյ ծառայութենէն, ամիսներ առաջ «Զուարթնոց»-ի եւ ընկերութեան միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր Պուխարեստ-Երեւան կանոնաւոր չուերթներու իրականացման վերաբերեալ:
«Տարոմ»-ը Ռումանիոյ ազգային փոխադրողն է, այն երկարամեայ փորձ ունեցող խոշոր ընկերութիւն է: Ռումանիոյ կառավարութիւնը ընկերութեան մէջ ունի 95 տոկոս բաժնեմաս: