(383)
Յակոբ Միքայէլեան
Տարօրինակ քաղաք մըն է Հալէպը. աւելի տարօրինակ է Հալէպահայ գաղութը. ոչ միայն տարօրինակ, այլ զարմանալի, ոչ մէկ տրամաբանութեամբ շարժող, ոչ մէկ բնութեան օրէնքի ենթարկուող, ոչ մէկ սպառնալիքէ վախցող…
Ահա՛ արդէն պատերազմի տասնամեակն ալ մօտալուտ է, քառասուն հազարնոց գաղութը տասհազար իսկ չէ մնացած, բայց մնացողները ինչ պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, արդէն բոլորին ծանօթ է, սակայն անհաւատալի ըլլալու չափ՝ առասպելական:
Պատկերացուցէք, օրուան մէջ քանի մը ժամ միայն ելեկտրականութեամբ եւ բաւական սուղ վճարումով քանի մը «ամբէրներով» լոյս ունենալ, հեռատեսիլ եւ համացանց ունենալ, լուացք ու արդուկ ընել, շաբաթներ հերթագրուելով պիւթակազի տակառիկ ձեռք անցընել ու ճաշ եփել, երբեմն հազուադէպորէն ճաշին մէջ միս ունենալ, ընդհանրապէս նոր հագուստ, կօշիկ ու պայուսակ չգնել ու հիներով բաւարարուիլ, սակայն, միշտ կոկիկ հագուածքով դուրս ելլել, բերնէն կտրել, բայց միշտ երեխաները մաքուր ու կոկիկ տարազով դպրոց ուղարկել, կնունք, նշանտուք ու հարսնիք ընել, ու… ու այս բոլորով հանդերձ, ետ չմնալ ազգային- մշակութային ձեռնարկներէն:
Կարծես այս դժնդակ պայմաններուն դէմ դնելու համար, չընկրկելու համար, չլճանալու համար, հալէպահայերը որոշած են յամառօրէն կառչիլ կեանքին ու պայքարիլ, եթէ ոչ դրամի զէնքով, գոնէ ազգային-հասարակական-մշակութային ձեռնարկներով: Հայերուն յամառութիւնը հասած է այնտեղ, ուր պետութիւնն անգամ զարմանքով, բայց յարգանքով սկսած է նայիլ սուրիական բազմազգեան խճանկարին մէկ կարեւոր դրուագը կազմող այս համայնքին: Համայնք մը, որ ամբողջ տասը տարի բնաւ ձեռք չէ բացած պետութեան նիւթական օգնութիւն խնդրելով, այլ, փառք ու պատիւ մեր աշխարհատարած սփիւռքին, եւ Հայաստանին, որոնցմէ հասած օգնութիւնը բաշխուած է ոչ միայն հայերուն, երբեմն նաեւ տեղացի կարիքաւորնրուն ալ: Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր որ պատերազմը այսքան երկար պիտի տեւէ: Կարգ մը միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ արդէն փակած են իրենց դռները: Տօլարը գլուխը առեր կ՛երթայ, 50 ոսկի արժող տօլարը այսօր 4500 դարձեր է, այսինքն՝ 90 անգամ, 90 պատիկ, նոյնիսկ այդ մասին մտածելը փշաքաղութիւն կը պատճառէ:
Ահա՛, հոս է անհաւատալին. Այս բոլորով հանդերձ, անցնող ամրան հալէպահայ կազմակերպութիւններ Քեսապին նոր կեանք տուին իրենց բազմանդամ բանակումներով, փողերախումբի ընկերակցութեամբ, տողանցքներով ու խարուկահանդէսներով: Աստուածածնայ տօնին առթիւ տօնակատարութիւն ու խաղողօրհնէք. որոնց զուգահեռ ուսանողական- թատերական եւ այլ հաւաքներ: Իսկ ամենահերոսականը՝ ՀԵԸ-ի Ադամեան թատերախումբին «Ծիծաղի երեկոն» էր Քեսապի մէջ, ուր ծանուցուածին պէս ներկաները երկու ժամ խնդացեր են…
Յայտարարուած էր որ յաջորդ ելոյթները տեղի պիտի ունենան Հալէպի մէջ Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին. ու ելոյթներուն քանի մը օր մնացած, յանկարծ՝ ծանուցում մը, որ արդէն երկու օրերու տոմսերը լրիւ սպառած են:
Մարդու հաւատալիքը չի գար. ներկայացումներէն երկու օր ետք դպրոցներու վերամուտն է, վրայ-գլուխ, կօշիկ-պայուսակ, գիրք, տետրակ, գրենական պիտոյք… Աստուած իմ, ինչպէ՞ս կը հասցնէք այս բոլորը գլուխ հանել. Զարմանալի, անհաւատալի: Սակայն եւ այնպէս, ամէն ինչը մէկ կողմ, բարձր տրամադրութիւն ունենալը մէկ կողմ: Որքան ծիծաղի կարիք ունի հալէպցին, տառապակոծ այս քաղաքը որքան հոգեկան խաղաղութեան պէտք ունի: Ծիծաղը, լիահագագ, անբռնազբօս, մանկան անմեղութեամբ…
«Տոմսերը սպառած են»… ի~նչ երանելի արտայայտութիւն: Խնդա՛ Հալէպ, խնդա՛, դուն խնդալով պիտի յաղթես:
(ԱԶԳ, 23, 9, 2022)