Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 31, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Սիւննի Համայնքը Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնասիւներէն Է, Իսկ Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատճառ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 29 յունուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն Տար Ֆաթուայէն յայտնեց, թէ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է սիւննի համայնքին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ Լիբանանի քաղաքական բազմազանութիւնը պահպանելու առումով:

«Միւֆթի Տըրիանին հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեցի նաեւ երկրին ազգային եւ քաղաքական կեանքին Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի եւ անոր զաւակներուն ապագան կերտելու համար», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սիւննի համայնքը Լիբանանը բաղկացնող հիմնասիւներէն է` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր, որ սիւննի համայնքը Լիբանանի քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախէ: «Սիւննի համայնքին կողմէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու մասին լուրեր կան, սակայն մենք այդ մօտեցումը կտրականապէս կը մերժենք: Լիբանան չի կրնար իր բաղկացուցիչ հիմնական շերտ մը կորսնցնել, այդ իրականութիւնը կը սպառնայ այն հասարակութեան, որուն վարժ ենք», հաստատեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ Լիբանան այսօր` աւելի քան երբեք, կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն, որոնք պէտք է նեցուկ կանգնին իրենց պետութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառ չկայ` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է խորհրդակցին` երկիրը դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապէն, այնպիսի ձեւով մը, որ բարօր կեանք ունենալու քաղաքացիին իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը պահպանուին:

Անդրադառնալով արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն` նախագահ Աուն հաստատեց, որ անոնք պէտք է ըլլան ամրապնդուած յարաբերութիւններ:

«Առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայիս կան ճիգեր, որոնք կարեւորութեամբ կ՛ընկալուին մեր կողմէ, «եւ պիտի ջանանք գոյացնել համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց նախկին իրավիճակին եւ ինչու չէ աւելի եւս ամրապնդուին», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Previous Post

Քուէյթի Մէջ. Լիբանանի Պատասխան Նամակը Դրական Ազդեցութիւն Կը Ձգէ

Next Post

«Ռուսիան Չ՛ուզեր Եւ Կարիքը Չունի Ուքրանիոյ Հետ Պատերազմի» Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.