ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին ընդունեց «Սինոփսիս» ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, նոյն ընկերութեան գործադիր-տնօրէն Յովիկ Մուսայելեանը, Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Բալդրեանը, «Ձեռնարկութիւնների Ինկուբատոր» հիմնարկի ներկայացուցիչ Ժենիա Ազիզեանը, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան փոխտնօրէն Թովմաս Մազեճեանը (Լիբանան) եւ «Վիասֆեր Տեխնոպարկ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վարուժան Մասարճեանը (Սուրիա):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) ոլորտի մասնագիտական ընկերակցութիւն եւ ցանց ստեղծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ՏԱ ոլորտի համահայկական հարթակի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Սփիւռքի նախարարի Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց համահայկական ընկերակցութիւն ստեղծելու առաջարկին ներկաները տուին նախնական համաձայնութիւն:
Յաջորդ քայլով կը նախատեսուի կազմել մասնագէտներու խումբեր տարբեր երկիրներու մէջ՝ յետագային անոնց հաւաքը Երեւանի մէջ կազմակերպելու նպատակով: