ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 24 Յունուարին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնորհակալութի՛ւն, հայ զինուոր» բարեգործական համերգը: Ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ համեգին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի զինծառայողներու առողջութեան վերականգնողական նոր կեդրոնի կառուցման եւ վերազինման:
Ապրիլեան պատերազմի մասնակից խումբ մը տղոց այս նախաձեռնութեան սիրով արձագանգեց մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան՝ Դեկտեմբերի սկիզբը այցելելով նաեւ վերականգնողական փուլին մէջ գտնուող ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներուն:
Նախաձեռնութեան սիրայօժար իրենց աջակցութիւնը բերին յայտնի երգիչ-երգչուհիներ:
Համերգին ներկայ էին հայրենիքի պաշտպանութեան համար ծանրօրէն վիրաւորուած տղաներ:
«Ասիկա շատ սովորական վերաբերմունք է հանդէպ այն տղոց, որոնք յանուն մեզի չխնայեցին ամենաարժէքաւորը», ըսաւ մշակոյթի նախարարի խորհրդական Արսէն Գրիգորեան (Մրօ): Ան յիշեց նաեւ վերականգնողական փուլին մէջ գտնուող տղող այցելած նախարար Ամիրեանի խօսքը. «Ասիկա նուազագոյնն է, զոր կրնանք ընել ձեզի համար: Ձեր կողքին կանգնիլը բոլորիս պարտքն է»: