Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան աթոռանիստ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 11 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ.-ի (Սահակ եպս. Մաշալեանի) գահակալութեան արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Ամենայն հայոց ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գեղամ արք. Խաչերեան` առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան` առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին: Ներկայ եղան նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա.-ը:
Նախատեսուած է, որ գահակալութենէն ետք Սահակ Բ. պատրիարքին տրուի արքեպիսկոպոսի կոչում ` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ: