Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տեսաժողով` Նուիրուած Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Չորրորդ Համաժողովին

February 10, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Տեսաժողով` Նուիրուած Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Չորրորդ Համաժողովին

Փետրուար 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով նախարարութեան եւ ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու միջեւ:

Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, ՃՃՀԱ համանախագահ Գոհար Թութունջեան, գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:

Քննարկման տեսակապով միացած էին ընկերակցութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի համակարգող Ժան Կաւրիլոֆը եւ Ռուսաստանի մասնաճիւղի համակարգող Թելեմակ Անանեան:

Ողջունելով մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց ընկերակցութեան ու անոր մասնաճիւղերու աշխատանքը եւ նշեց, որ դեռեւս 2009 թուականին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճարտարապետներու համահայկական առաջին համաժողովը դարձաւ մասնագիտական քննարկումներու լուրջ հարթակ: «Եւ ահա այս տարի հոկտեմբերին` առաջին համաժողովից 10 տարի անց, մենք անցկացնելու ենք ճարտարապետների եւ ճարտարագէտների համահայկական չորրորդ համաժողովը, որը, վստահ եմ, լինելու է աւելի կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ: Ընկերակցութեան սփիւռքեան մասնաճիւղերի ակտիւ աշխատանքի շնորհիւ մենք պէտք է ընդլայնենք համաժողովի մասնակիցների աշխարհագրութիւնը, չէ որ համաժողովը յաջորդելու է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Սարդարապատի հերոսամարտերի 100, Երեւանի 2800 ամեակների տօնակատարութիւններին, Հայաստանում Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովին: Ճարտարապետների ու ճարտարագէտների այս համաժողովը պէտք է իրօք լինի տպաւորիչ եւ պատշաճ կերպով եզրափակի տարին»,-ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ մասնագիտական հայրենադարձութեան խթանումը, մասնագիտական ցանցերու ստեղծումն ու ընդլայնումը, անոնց միջեւ սերտ համագործակցութիւնը, որ թոյլ կու տայ եւ՛ նպաստել սեփական մասնագիտական որակներու զարգացման, եւ՛ Հայրենիքի բարօրութեան:

Նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան տեսաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց համաժողովի օրակարգի նախնական տարբերակը եւ նշեց, որ համաժողովին կ’ակնկալուի մօտ 250 ճարտարագէտներու, ճարտարապետներու, շինարարութեան ոլորտի մասնագէտներու մասնակցութիւնը:

ՃՃՀՅ համանախագահ Գոհար Թութունջեան, խօսելով համաժողովի հիմնական նպատակներուն մասին, դարձեալ առանձնացուց մասնագիտական հայրենադրձութեան խթանումը, հայկական ճարտարապետական ներուժի բացայայտումը, մասնագիտական զբօսաշրջութեան զարգացումը, պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանումը, հայաստանեան անշարժ գոյքի շուկայի, նոր ճարտարապետական նախագիծերու, կառոյցներու ներկայացումը  եւ այլն:

Ընկերակցութեան Թուքիոյ մասնաճիւղի համակարգող Ժան Կաւրիլոֆը ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ տեղեկացուց, որ արդէն իսկ կը համագործակցին «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին եւ Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիկական համալսարանին հետ: Ան նաեւ նշեց, որ կ’ուսումնասիրուին թրքական արխիւներ, բազմաթիւ այլ նիւթեր, որոնք կը ներկայացնեն հայ ճարտարապետներու ներդրումը թրքական ճարտարապետութեան պատմութեան եւ զարգացման մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց համաժողովի ծիրէն ներս մէկ նիստ կամ յուշ-երեկոյ նուիրել ճարտարապետ Պալեաններու ընտանիքի գործունէութեան ու թողած ժառանգութեան, համալսարաններուն մէջ կազմակերպել անոնց նուիրուած դասընթացներ, նկարահանել եւ հեռարձակել Պալեաններու գերդաստանի մասին պատմող ֆիլմ: «Մեր նախնիիների հետքը պէտք է սերունդներին փոխանցենք»,-աւելցուց նախարարը:

Ընկերակցութեան Ռուսաստանի մասնաճիւղի համակարգող Թելեմակ Անանեան կարեւոր համարեց հայ ճարտարապետութեան մասին համացանցի մէջ օտարալեզու տեղեկատուութեան բազմազանութեան խնդիրը, առաջարկեց համաժողովներուն հնչող բոլոր ելոյթները թուայանցնել, ստեղծել յատուկ հարթակ, որ թոյլ կու տայ հայ ճարտարապետներուն աշխարհի տարբեր ծայրերէն մուտք գործել եւ վերբեռնել իրենց յօդուածները, հետազօտութիւնները, գիտական աշխատանքները: Մասնակիցներն առաջարկեցին նաեւ հայկական ճարտարապետութեան մասին տարաբնոյթ նիւթերով համալրել wikiart.org կայքը: Թելեմակ Անանեան առաջարկեց նաեւ համաժողովի նախագիծի 2-րդ` «Գիտութեան հիմնախնդիրները ճարտարապետութեան եւ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ» ուղղութեան մէջ աւելցնել գիտական հետազօտութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն նուիրուած նիստ: Ռուսաստանի մասնաճիւղի համակարգողը նշեց, որ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ համաժողովին նաեւ միջազգային գիտական կարգավիճակ տալ, որ կը նպաստէ երիտասարդ մասնագէտներու եւ դասախօսներու ներգրաւման:

Previous Post

Corruption: A Handy-Dandy How-To

Next Post

Ձմեռը Անի Այցելողներու Թիւը 3 Անգամ Աւելցած Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.