ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 1-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրական դատարանի վերաբերող փոփոխութեան հանրաքուէն:
Փաստօրէն թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ժողովրդային երրորդ փորձաքարն է, որ կ՛իրականանայ: Այս առումով, կայ թէ՛ ներխորհրդարանական եւ թէ՛ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն: Հանրաքուէին արդիւնքներէն զատ` կայ այլ իրականութիւն` մասնակցութեան համեմատութիւնը, որ շատ կարեւոր ազդակ է իշխանութեան հեղինակութեան եւ ժողովրդային թիկունքի իմաստով:
Ընդդիմութեան ազդեցիկ չըլլալը պէտք է մտահոգէ այսօրուան իշխանութիւնը: Տարածաշրջանի մէջ կատարուող մեծ իրադարձութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց լուրջ ընդդիմութեան մը բացակայութեան բերումով իշխանութեան վարկը եւ հեղինակութիւնը կը սկսի կամաց կամաց տկարանալ:
Այսօր Հայաստանի մէջ սահմանադրական օրակարգի հանրաքուէով ճշդելու եղանակը ցոյց տուաւ, որ գործնականին մէջ չկայ կառուցողական քննարկումներու մրցակցութիւն եւ մտքի փոխանակման ձեւ: Փաստօրէն յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, որ հանրաքուէն պիտի լուծէ Սահմանադրական դատարանի հարցը: Բնականաբար նոր իրավիճակ պիտի պարզէ` հարցերու նոր լուծումներ ձեւաւորելով: Բայց կրկնակի անհրաժեշտութիւն է, որ ընդդիմութիւնը ձեւ եւ ուժ ստանայ, որպէսզի ճիշդ մատնանշումներով ազգային շահերու քննարկումներով մեր երկրին անվտանգութիւնը պահպանուի: