ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» զոյգ կեդրոնները շաբաթական դրութեամբ հազարէ աւելի պատանի-պարմանուհիներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կը յաճախէին:
Շաբաթ առաւօտները «Լեւոն Շանթ»-ի մուտքին մեծ թիւով ծնողներու խումբ մը նստած կ՛ըլլար` սպասելով իրենց զաւակներուն փորձի աւարտին:
Երաժշտանոցի աշակերտներուն թիւը շրջանցած էր 250-ը, «Կարկաչ»-ը եւ «Այգ»-ը` 100-ը, «Գայիանէ» պարի դպրոցը` 250-ը, «Թորոս Ռոսլին»-ը` 80-ը, «Արեգ» թատրոնի դպրոցը` 30-ը, «Քնար»-ը, «Գուսան»-ը, «Գ. Իփէկեան»-ը, յանձնախումբերը…
Կար ժամանակ, երբ մարդիկ կը գանգատէին, որ շատ խճողուած է գաղութը` ձեռնարկներով, նոյնիսկ այս գծով լոյս տեսաւ յօդուած մը` «Ձեռնարկախտ» խորագիրով:
Անցան այդ օրերը:
Գաղութի լաւ տարիներն էին: Յունուար 5-ին կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն 800-1000 հոգինոց սրահ կ՛ապահովուէր:
Եկաւ «Քորոնա»-ն, տնտեսական աննախադէպ տագնապը, քաղաքական լարուած եւ անհեռանկար վիճակը, Արցախի պատերազմը, անորոշութիւն եւ յուսալքում:
Համազգայինը վերածուեցաւ Դիմատետրի մէկ էջի: Զանազան տեսակի յայտագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին: Սակայն կարելի է ըսել, որ տակաւին փնտռտուքի մէջ է իր աշխատանքի նոր դաշտը ձեւաւորելու համար: Կամաց-կամաց բնական ընթացք առնելու ռազմավարութիւն պէտք է ունենալ:
Շատ լաւ է ճիգը, գնահատելի է կորովը, ուրախանալի է այլազանութիւնը եւ նախաձեռնութեան ոգին, կը պակսի որակի, հեռանկարի եւ աշխատաոճի հարցը: Պէտք է ընդգծել, որ միջազգային մակարդակով Դիմատետրով փորձուած մշակութային բոլոր փորձերը ժամանակաւոր եւ ոչ արդիւնաբեր են: Այդ մէկը փաստած է Պերլինի ֆիլհարմոնիքի փորձը, Իտալիոյ, Չեխիոյ, Պուլկարիոյ քառեակներու եւ օփերաներու փորձը: Պէտք է իրապաշտօրէն հասկնալ եւ ընդունիլ այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ ծրագրել: Շատ մեծ յոյսեր չդնել Դիմատետրով սպառած մշակութային որակին եւ տարածման վրայ:
Պէտք է գիտնանք, որ ասիկա իբրեւ նախաձեռնութիւն իր ժամանակին եւ ծաւալին մէջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ միայն, բայց հետք չի ձգեր:
Պէտք չէ ընենք այն, զոր կը սիրենք, այլ ընենք այն, ինչի որ կարիք կայ: Ընելու սիրոյն ընելը տեղ մը անիմաստ կ՛ըլլայ: Համազգայինի վայել, Համազգայինի շունչով, Համազգայինի մթնոլորտով պէտք է ըլլայ ամէն ինչ:
Հասկնալի է, որ սփիւռքի մեր համեստ պայմաններուն մէջ ստեղծուած եւ իրականացած աշխատանքը, դարձեալ կը շեշտեմ, գնահատելի է եւ ողջունելի:
Վա՛րձքը կատար բոլորին:
Վստահ եմ, որ Համազգայինը իր բազմաբնոյթ աշխատանքներով մեր գաղութին մէջ մշակոյթի ջահը բարձր պահող միութիւնը կը մնայ, եւ անցնող փուլին կատարուած ճիգը գնահատելի է: Ինչպէս միշտ, Համազգայինէն միշտ ալ աւելին կը սպասուի: