Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

July 10, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

ՅԱԿՈԲ  ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այո՛, յաճախ կը խօսինք հայ ուսուցիչին, հայ դպրոցին, հայ կրթական մշակին մասին:

Բեմերէն, հանդէսներու ընթացքին եւ ճաշկերոյթներուն գովքը կը հիւսենք հայ ուսուցիչին եւ անոր նուիրական առաքելութեան:

Սակայն անհասկնալի է, որ զանազան դպրոցներու մէջ, երկրի տնտեսական տագնապին պատրուակով, մանաւանդ այս տարեշրջանին, երբ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք գործի, եկամուտի կարիքը ունի, առաջին հերթին հայ ուսուցիչի գործէ արձակման որոշումներ կը տրուին:

Ո՞ւր մնացին մեր խօսքերը, մեր գիտակցութիւնը, մեր նուիրաբերումը, մեր յարգանքն ու պարծանքը:

Ուրիշ մսխումներ կրճատելու փոխարէն ուսուցիչներ գործէ արձակելը դասալքութիւն է: Նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տեղ կառոյցներ փակելը ապիկարութիւն է: Ճամբորդութիւններ ընելու, նկարուելու, լայքեր հաւաքելու եւ այլ մակերեսային հետապնդումներով զբաղելու փոխարէն, հայ ուսուցիչին եկամուտը պահելը համայնքին ամէնէն առաջնահերթ պատասխանատուութիւնն է:

Ողջունելի է որոշումը կարգ մը վարժարաններու, ուր հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին, ոչ մէկ ուսուցիչ գործէ կ՛արձակեն: Դատապարտելի են եւ քննադատելի բոլոր անոնք, որոնք պատեհ առիթը գտան այս պայմաններուն մէջ վերադասաւորումներ կատարելու:

Տագնապը կայ ու կը մնայ, հարցը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը: Աշխատելու այս ոճը, այս բարդոյթը բաւական աւերներ գործած էին արդէն, եւ այսօր` ճգնաժամի օրերուն կրկնակի աւերներ կը գործեն: Խնդիրը ուսուցիչներ չարձակելու առաջնահերթութիւնը չէ: Բուն հրամայականը դպրոցը պահելն է, որովհետեւ ուսուցիչ արձակելով հարուած կը ստանան կրթական հաստատութիւնները: Նաեւ` ուսուցչական ասպարէզը չվտանգելը:

Previous Post

Ակնարկ. Պարտադիր Արեւելումներ

Next Post

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2011-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 36, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 1368-ի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.