ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի ամէն մարդ իր ազնուութեան թելը պէտք է աւելի ամրացնէ:
Շատ դժուար օրեր անցուցինք եւ տակաւին «Քորոնա»-էն ետք մեզի կը սպասեն մեծ մարտահրաւէրներ:
Բոլորս միասին նոյն նաւուն մէջ նոյն դժուարութիւնները դիմագրաւելու պատրաստութիւնը կը տեսնենք:
Մեր հոգիները ազնուացնելու, համբերատար, հանդուրժող եւ մանաւանդ բոլորին վիճակները հասկնալու ճկունութիւնը ունենալու պահն է: Այդ ատեն միայն ամէն մարդ կը տեսնէ եւ կը զգայ առանց պոռալու, աչք ծակելու, գլուխ ցաւցնելու եւ կրկնելու, որ ո՛վ ինչ ըրաւ:
Վերջապէս մարդ արարածը իր համեստ պահուածքով գիտէ ազնիւ վերաբերմունքը գնահատել:
Ճիշդ այդ պատճառով քիչ մը աւելի ազնուութիւն պէտք է բոլորիս կողմէ` բոլորին հանդէպ:
Քիչ վիրաւորանքներով ձեռք ձեռքի տալու պահն է:
Ընտանիքները, հաստատութիւնները մեծ եւ փոքր, կառոյցները բոլոր բնագաւառներուն մէջ` մարզական, կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական լուրջ եւ ծանր տագնապի առջեւ պիտի գտնուին եւ ե՛ն արդէն:
Իրապաշտօրէն դիտելու, դատելու եւ դիմագրաւելու ուժը շատ անգամ կը պակսի մեր մէջ:
Յոռետես մտածումներ եւ զգացումներ տեղ տեղ կ՛իշխեն մեր հոգեկանին:
Լաւատեսներուն թիւը սկսած է նօսրանալ: Այս բոլորին դիմաց ունինք մէկ յոյս եւ մէկ լոյս: Զօրաւոր մնալ, հանդարտ մտածել, կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը պահել նախ հոգիներու մէջ, ապա մեր շրջապատին մէջ եւ ամէնէն կարեւորը` քիչ մը աւելի ազնուանանք:
Դիմացինը հասկնալու, լսելու, ընդունելու եւ հասնելու ազնուութիւնը ունենանք:
Պէտք չէ աջ ու ձախ գրառումներով, խօսքով կամ գործով աւելի վնասներ եւ վիրաւորանքներ արձանագրել:
Պէտք չէ մոռնանք, որ հանդարտ ծովուն վրայ ամէն մարդ նաւ կրնայ թիավարել, կարեւորը եւ վարպետութիւնը ալիքներու եւ փոթորիկի ատեն հաւաքական ճիգով նաւը հանդարտ ծովափ հասցնելն է:
Հոն է, որ հաւաքաբար կ՛արժեւորուինք եւ կ՛արժեւորենք մեր ստանձնած պարտականութիւնը: