Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կ՛աջակցին 100.000.000 լ. ոսկիի (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի) նուիրատուութեամբ: Բարերարներուն փափաքով, նշեալ գումարը կը բաշխուի հետեւեալ եղանակով.
– Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո.
– Հ. Բ. Ը. Մ. Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ.ո.
– Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 25.000.000 լ. ո.
– «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` 25.000.000 լ. ո.
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութիւնը, սրտագինս շնորհակա-լութիւն կը յայտնեն բարերար ամոլին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն Լիբանանահա-յութեան կարիքներուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած գիտակից եւ արժանաւոր կեցուածքը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ