Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ տասնեակ տարիներու կուտակումներուն պատճառով երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կացութիւնը սկիզբէն ի վեր վատ եղած է, «սակայն չէինք նախատեսած, որ 6 ամսուան ընթացքին իրերայաջորդ հսկայական տագնապներ կրնան արձանագրուիլ», ըսաւ ան:
Տիապ յայտնեց, որ իրենք չեն մերժեր հրաժարեալ կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարել, սակայն սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածին հիման վրայ կը կեդրոնանան միայն նախարարութիւններու աշխատանքները կատարելով:
Ան նշեց, որ նախորդ 41 տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ ոչ մէկ հրաժարած կառավարութիւն արտակարգ նիստ գումարած է, «հետեւաբար նիստին գումարումը ինքնին բացառութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ իր կառավարութեան հրաժարականէն 9 ամիս ետք տակաւին քաղաքական տարակարծութիւններ կան, եւ քաղաքական լարուածութիւնը չ՛արտօներ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմուի:
Քաղաքացիներուն տարրական պէտքերուն համար պետութեան տրամադրած նպաստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Տիապ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ նպաստի կասեցումը կամ անոր հասցէագրումը` նախքան յատկացումներու քարտի որդեգրումը:
Ան աւելցուց, որ յատկացումներու քարտի դրութեան որդեգրումը Քաթար կատարած իր այցելութեան հիմնական նպատակներէն մէկն էր` աւելցնելով, որ քաթարցիները Լիբանանին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Իրաք կատարելիք իր այցելութեան մասին Տիապ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը չէ ջնջուած, այլ` յետաձգուած է իրաքեան կողմին պահանջով:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ըլլալ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի դարպաս մը` դէպի օտար պետութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Սէուտական Արաբիա:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին մասին Տիապ յայտնեց, որ այդ հարցը լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ինք դատական իշխանութիւններու աշխատանքին չի միջամտեր:
Ան նշեց, որ ինք համաձայն գտնուած է հետաքննիչ դատախազին հետ հանդիպիլ, սակայն զինք ամբաստանելու պարագային մերժած է ներկայանալ, որովհետեւ սահմանադրութեան թիւ 70 յօդուածով ամբաստանութիւնը եւ դատավարութեան ներկայութիւնը կը կատարուին խորհրդարանին ընդմէջէն: