2014-ը Տիգրան Մանսուրեանի տարին է: Եւ ահա յոբելենական տարուան մեկնարկը տրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր այս օրերուն կը գտնուի մեր ժամանակներու մեծագոյն երգահանը: Լոս Անճելըսի յայտնի Zipper սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի յոբելենական համերգը: Մեծ երգահանի ներկայութիւնը խանդավառութեամբ ընդունեց դահլիճը, ուր կը գտնուէին ոչ միայն հայեր, այլեւ օտարներ, Մանսուրեանի ստեղծագործութեան գիտակներ եւ երկրպագուներ: Հնչեցին անոր` տարբեր տարիներու գրուած ստեղծագործութիւններէն, որոնք ամբողջական պատկերացում ձեւաւորած են բազմաժանր ու ինքնատիպ երգահանին մասին:
«Դիլիջան» կամերային երաժշտութեան համերգաշարի ծիրէն ներս Լարք երաժշտական ընկերակցութեան հետ համատեղ կազմակերպուած համերգին ընթացքին ներկայացուեցան Տիգրան Մանսուրեանի 50 տարուան ստեղծագործական կեանքի տարբեր շրջաններու գործերը, ներառեալ` վաղ շրջանի գործերէն` թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար գրուած սօնատը եւ երկու տարի առաջ գրուած «Ձօն Լոտոսին» ստեղծագործութիւնը: Այս ստեղծագործութիւնները հնչեցին «Դիլիջան» կամերային նուագախումբի եւ համերգին մասնակցող այլազգի երաժիշտներու կողմէ, որոնք բազմիցս նշեցին, որ երջանկութիւն է կատարել Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները, որոնք իրենց մէջ մեծ առեղծուած կը պարունակեն: Նշենք, որ շատերն իրենց համար կը բացայայտէին նոր ու անսովոր Մանսուրեանի, քանզի երաժշտասէրներէն շատերուն ծանօթ էր լոկ անոր կինոերաժշտութիւնը, մինչդեռ դասական երաժշտութեան մէջ ներբերած անոր նշանակալի ձեռքբերումներն ու ինքնատիպ նորարարութիւնը ոչ միշտ ներկայացուած են լայն հանրութեան: Բարդ է Մանսուրեանի երաժշտութիւնը, ուստի անոր կատարումն ու ընկալումը եւս կը պահանջէ կեդրոնացում: Եւ ուրախալի էր, որ Լոս Անճելըսի մէջ կայացած համերգէն մարդիկ հեռացան գոհունակութեամբ` անհամբերութեամբ սպասելով նոր համերգին: