27 յունուարին 80 տարեկան դարձաւ նշանաւոր յօրինող, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանը:
Այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է.
«Յարգարժան պարո՛ն Մանսուրեան,
Արցախի ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ յիշարժան յոբելեանի` ծննդեան 80-ամեակի կապակցութեամբ:
Մեծ է ձեր աւանդը ազգային մշակոյթի զարգացման գործին մէջ: Սկիզբ առնելով ժողովրդական ակունքներէն եւ ստանալով ժամանակի շունչը` ձեր ստեղծագործութիւնն իր ուրոյն տեղը զբաղեցուցած է ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ համաշխարհային երաժշտարուեստի մէջ: Դուք անմահ գործեր ստեղծած էք տարբեր ժանրերու մէջ եւ ամբողջացուցած էք մեր դասական երաժշտութեան երեւելիներու շարքը:
Արցախի մէջ դուք ունիք բազմահազար երկրպագուներ, ովքեր կը սիրեն ու կը գնահատեն ձեր արուեստը:
Սիրելի՛ մայեսթրօ, անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ նշանակալի տարեդարձի կապակցութեամբ եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, նորանոր ստեղծագործական նուաճումներ ու մեծագոյն յաջողութիւններ` ձեր հայրենանուէր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին», ըսուած է ուղերձին մէջ:
Նոյն առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը այցելած են ականաւոր յօրինող Տիգրան Մանսուրեանին եւ շնորհաւորած են զայն ծննդեան 80-րդ տարեդարձին առիթով:
«Կը մաղթեմ, որ ձեզի համար բացուի ստեղծագործական նոր շունչ եւ ժամանակաշրջան, որովհետեւ ատիկա ամենակարեւորն է: Ստեղծագործութիւնը կապուած է շատ բաներու` մթնոլորտի, միջավայրի հետ, եւ յոյս ունիմ, որ նոր Հայաստանի մէջ ձեզի համար կը բացուի ստեղծագործական նոր շունչ», նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Տիգրան Մանսուրեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին եւ անոր կնոջ` իրեն այցելելու համար եւ անոնց պատմած` ստեղծագործական գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:
Նոյն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազենի Ղարիբեանը եւ նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ, Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն Մարտունի Կոստանդեանն ու սաները ականաւոր յօրինող, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակի կապակցութեամբ այցելած են Մանսուրեանի տուն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Տիգրան Մանսուրեանը եւ անոր քոյրը` օփերային երգչուհի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Արաքս Մանսուրեանը շնորհակալութիւն յայտնած են անակնկալ այցով Տիգրան Մանսուրեանի յոբելեանը շնորհաւորելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանին 80-ամեայ յոբելեանին առիթով` նշելով. «Մեր ժողովուրդը երբեւէ երաժշտարուեստի մեծ գործիչներու պակաս չէ զգացած, սակայն յօրինողներու ու երգահաններու հայոց աստղաբոյլին մէջ միշտ ալ առանձնակի շուքով կը շողայ ձեր աստղը` փառաւորելով թէ՛ ձեր, թէ՛ ձեզ ծնող ժողովուրդին անունը: Դուք մեր մշակոյթի այն բացառիկ գործիչներէն էք, որոնցմով մեր երկիրը բաց ճակատով կը ներկայանայ աշխարհին:
«Ձեր ստեղծագործական գործունէութիւնը արժանի է ամենայն հիացմունքի: Ձեր կենսագրութեան ամենահպանցիկ ակնարկէն անգամ պարզ կը դառնայ, թէ ինչպիսի՛ երկար, դժուարին ու տքնաջան ճանապարհ պիտի անցնի արուեստի նուիրեալը` նման բարձր անուան ու յաջողութիւններու հասնելու համար:
Ըլլալով մեր ժողովուրդի բազմադարեայ ընթացքի, հոգեւոր-մշակութային խորախորհուրդ գանձարանի քաջահմուտ գիտակն ու կրողը` դուք այդ ամէնը աստուածատուր տաղանդով վերածեցիք ընտիր երաժշտութեան, ուր այնպէս ներդաշնակ են ազգայինն ու համամարդկայինը:
Երաժշտարուեստի տարբեր ժանրերը ներկայացնող ձեր ստեղծագործութիւնները ամենալայն ճանաչումը ստացած են եւ արդէն երկար տասնամեակներ կը հնչեն աշխարհի հեղինակաւոր խմբային եւ անհատ կատարողներու մեկնաբանութեամբ` հիացնելով անգամ ամենանրբաճաշակ ունկնդիրները:
Թանկագի՛ն մայեսթրօ,
Ձեր մարդկային ու քաղաքացիական առաքինութիւններու շարքին միշտ ալ կ՛առանձնանայ անսահման համեստութիւնը` զարդարելով արուեստագէտի ձեր ազնիւ կեցուածքը: Դուք երբեք չէք ձգտած փառքի ու մեծարանքի, սակայն փառքը, լայն ճանաչումն ու այլեւայլ դափնիները միշտ եղած են ձեր կեանքի մշտական ուղեկիցը` որպէս արժանի գնահատական ձեր ստեղծածին:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին առիթով, կը մաղթենք ամուր առողջութիւն, երկար տարիներու կեանք` ի փառս հայրենական մշակոյթի, ի փառս հայ երաժշտարուեստի զարգացման ու տարածման»