ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ու որքան ալ բառ ու խօսքով բանամ հոգիս ընթերցողին
Ինչպէս վարդը որ թե՛րթ առ թե՛րթ լոյսին բանայ բաժակը բորբ
Հոգիս դարձեալ պիտի մնայ առեղծուած մ’անքննելի
Միգամածով, մութ ու լոյսով խորին խորհուրդ մը խուսափուկ…
Եւ մարդիկ լոկ պիտի տեսնեն մակերեսն իր ծանծաղափայլ
Մինչ խորքերուն պիտի հեւայ հոգիս իր լուռ մեղեդիով
Հնչիւններով անորսալի, որուն թրթիռն ես պիտ’ զգամ
Տիեզերքի տրոփիւն որպէս որ յար մնայ խորհրդաւոր…