Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կը շարունակուի պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը: «Ակօս» կը հաղորդէ, որ հերթական դատական նիստին մասնակցած են շարք մը կալանաւորուած եւ ազատ վկաներ ու կողմերու փաստաբանները:
Ազատութեան մէջ գտնուող վկաներէն մէկը` Հաճի Էօմեր Ունալըր, որ Տինքի սպանութենէն առաջ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինը կ՛աշխատէր, պատմած է, թէ իրենք ինչպէ՛ս նախապէս տեղեկութիւն ստացած են ոճիրին մասին:
«2006 օգոստոսին, Հիւսէյն Եըլմազի հետ գացած էինք գաղտնի ոստիկանութեան կեդրոն: Օքան Շիմշեք, տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով, Եըլմազը կանչեց իր սենեակը: Հինգ-տասը վայրկեան ետք կանչեցին զիս` նշումներ ընելու համար: Ես թուղթ առի ու սենեակ մտայ: Եասին Հայալը կ՛ըսէր, որ իր 3-4 ընկերներուն հետ Պոլսոյ մէջ կը պատրաստուի սպաննելու հայկական ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքը, եւ զէնք կը փնտռեն: Ես այդ տեղեկութիւնները արձանագրեցի: Ապա համակարգիչով ստուգեցինք Տինքի եւ «Ակօս» թերթի մասին տեղեկութիւնը: Տեսանք, որ տեղեկութիւնը ստո՛յգ է: Յաջորդ օրը, հետախուզական բաժինի նիստին այդ հարցը քննարկուած էր: Ես նիստերուն չէի մասնակցեր. աւելի ուշ գիտցայ, որ նիստի ընթացքին այդ հարցն ալ քննարկուած է: Որոշ ժամանակ ետք Հիւսէյն Եըլմազը արձակուրդ առաւ: Ես գացի Օքան Շիմշեքի քով եւ ըսի, որ այս հարցով որեւէ հրաման չենք ստացած: Շիմշեք ըսաւ, որ ինք խօսած է բաժինի տնօրէն Մեթին Եըլտըզի հետ, եւ հրամանը դեռ պիտի տրուի: Իսկ յետոյ, մինչեւ սպանութիւնը, ես այս մասին այլեւս որեւէ տեղեկութիւն չստացայ», պատմած է Ունալըր:
Վկան նաեւ աւելցուցած է, որ հակառակ ստացած տեղեկութեանց, առանց համապատասխան հրամանի ան որեւէ գործողութեան սկսելու կամ ինքնուրոյն միջոցներու ձեռնարկելու իրաւունք չէ՛ ունեցած: Իսկ իրմէ առաւել բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք պէտք է նման հրաման տային, ոչինչ հրահանգած են: Ունալըր նաեւ ըսած է, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինին մէջ աշխատանքի անցնելէ ետք, որոշ ժամանակ աշխատած է նաեւ նոյն բաժինի արխիւին մէջ: Ըստ վկային, այդ արխիւին մէջ Եասին Հայալի կամ անոր ընկերներուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ եղած: