Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տինքի Սպանութիւնը Խաւարի Մէջ Պահելու Կամքը Դեռ Կը Պահպանուի Անգարայի Մէջ. Կարօ Փայլան

January 21, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Erdogan seeks to strip several opposition MPs, including Garo Paylan, of immunity

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարեց, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ծալքերը բանալու ջանքերը կը խափանուին՝ ընդգծելով, որ ոճիրին բոլոր պատասխանատուները բացայայտելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք:

«Դժբախտաբար, 15 տարի է, որ դատապարտուած ենք ապրելու առանց Հրանդ Տինքի, որ մեզի շարունակաբար կը քարոզէր «միասին ապրիլ»», նշեց Փայլան խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:

«Այդ օրերուն, պետութեան ներսի խաւարը որոշած էր լռեցնել Հրանդ Տինքը։ 19 Յունուար 2007ին, Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ կազմակերպուած յանցագործութեամբ: Սպանութիւն մը, որուն մասնակից եղաւ պետութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը եւ ընդգծեց, որ թրքական պետութիւնը ցարդ չէ առերեսուած իր ներսի խաւարին հետ:

Փայլան նաեւ անդրադարձաւ ամիսներ առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի կատարած այն յայտարարութեան, որմէ կ՛ենթադրուի, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դատապարտուած Էրհան Թունճել կապ ունի թուրք յայտնի քրէական հեղինակութեան՝ Սետաթ Փեքերի հետ: «Այդ օրէն անցած են 8 ամիսներ, սակայն ոչ մէկ դատախազ գործի անցած է, եւ Սուլէյման Սոյլու չէ գացած դատական մարմին՝ յայտնելու, թէ ինչ գիտէ այդ մասին: Այս իրողութիւնը դարձեալ ցոյց կու տայ, որ Տինքի սպանութիւնը խաւարի մէջ պահելու կամքը դեռ կը պահպանուի Անգարայի մութ միջանցքներուն մէջ», շեշտեց Փայլան:

Previous Post

Ատրպէյճան Եւ Հայաստան Տարակարծիք Են Սահմանագծման Հարցին Շուրջ

Next Post

«Ռուսիա Կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Աշխատանքի Շարունակութեան». Զախարովա

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.