ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Տիրոջը օրը գիշերուան գողի պէս
պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2):
Աստուածաշունչին մէջ մարգարէական գիրքերը լեցուն են մարգարէական տեսիլքով, անոնք կրնան նոյնիսկ սահմռկեցուցիչ տրամադրութիւններ եւ մթնոլորտ ստեղծել: Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը կը բնութագրէ «աշխարհի վերջը», ինչպէս որ մեր պատանեկան տարիներուն վարժ էին սորվեցնել մեզի: Մարգարէական գիրքերը կը խօսին գալիք օրերու մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կը բացատրուի Տիրոջ մեծ օրը` Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, որ կրնայ մօտ ըլլալ:
Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ «մօտ է» խօսքը: Մօտի հասկացողութիւնը կրնայ յարաբերական ըլլալ` տեսութեամբ եւ բացատրութեանբ: Այս իմաստով, Սոփոնեայ մարգարէն, որ ապրած էր Յուդա թագաւորի օրերուն (640-609 ՔԱ), ամէնէն շատ ինք արձանագրած է, թէ` «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոփոնեա 1.7): Մարգարէական գիրքերուն մէջ կը խօսին Տիրոջ օրուան մասին, բայց նաեւ` այն բոլոր իրադարձութիւններուն եւ իրավիճակներուն, զորս աշխարհը կ՛ապրի: Այդ ապրուած իրականութիւններու նկարագրականներէն են. «նեղութեան եւ տառապանքի» եւ «կործանումի, աւերումի, խաւարի ու մէգի» օրեր (Սոփոնեայ 1.15): Արդեօք այս իրավիճակները պէ՞տք է դիտել միայն որպէս ապագայի տեսութիւններ, թէ՞ առնչել զանոնք ներկայի մեր ապրած օրերուն եւ կեանքին հետ:
Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներու իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Այն ժամերուն եւ ժամանակներուն համար պէտք չէ բան մը գրել ձեզի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.1): Ժամը` յունարէն արմատին մէջ, կու գայ որպէս «chronos», որ կը բացատրուի որպէս ժամացոյցի ժամ: Իսկ «ժամանակը» նոյն արմատին մէջ կու գայ որպէս «kairos», որ կը բացատրուի որպէս մասնաւոր կամ իւրայատուկ ժամանակաշրջան: Պօղոս առաքեալ «Տիրոջը մեծ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը կը նոյնացնէ եւ կը համեմատէ ժամի եւ ժամանակի հետ, մանաւանդ երբ կ՛ըսէ. «Պէտք չէ ձեզի բան մը գրել»:
Պօղոս առաքեալ ապա կը յստակացնէ` ըսելով. «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2): Գիշերը, ըստ Պօղոս առաքեալին, եւ «մօտ»-ը, ըստ Սոփոնեա մարգարէին, չունին ժամի եւ ժամանակի յստակ բնորոշում: Այս կրնայ բացատրուիլ որպէս որեւէ ժամ եւ ժամանակ, առանց յստակ բնութագրումի: Առաքեալը այս իմաստով կը քաջալերէ քրիստոնեան ապրելու համար «Տիրոջ օրը մօտ է» հասկացողութիւնը տեղադրելով ներկային մէջ: Ան կը բնութագրէ քրիստոնեան, որ, անկախ տիրող իրավիճակներէն եւ պայմաններէն, կ՛ապրի ներկան առանց երբեք խաւարի մէջ ըլլալու: Այսինքն քրիստոնեան կ՛ապրի լոյսին մէջ, նոյնիսկ երբ ներկայի կեանքը դժուար է եւ մութ, իսկ Տիրոջ գալը` անյստակ եւ անժամանակ: Պօղոս առաքեալ կը խօսի քրիստոնեային պարտականութեան ու գիտակցութեան մասին` ապրելու եւ գործելու, երբ նեղութիւն, տագնապ, կործանում եւ աւերում կայ, իրավիճակներ, որոնք դժբախտաբար ներկայ աշխարհին մէջ անպակաս են բոլորին համար: Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ քրիստոնեան եւ եկեղեցին, որպէսզի չքնանան, այլ արթուն եւ զգաստ ըլլան, որպէսզի փրկութիւն ստանան:
Մարգարէութիւններուն մէջ գրուածը` «Տիրոջը օրը մօտ է» եւ Պօղոս առաքեալի «Տիրոջ օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» արտայայտութիւնը կու գան արդիւնաւորուելու եւ նշանակութիւն ստանալու Նոր կտակարանին` «Երեք ծառաներու առակին» մէջէն (Մատթէոս 25.14-30): Մարդ մը կը կանչէ իր երեք ծառաները օտար երկիր մը ճամբորդելէն առաջ: Մարդուն ճամբորդութիւնը ունի յստակ ժամ եւ ժամանակ` յար եւ նման Քրիստոսի, որ խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարեաւ մեռելներէն: Հոս ժամն ու ժամանակը յստակ են: Բայց այն, ինչ որ յստակ չէ, առակին մէջի մարդուն վերադարձն է, որ կը համեմատուի Քրիստոսի եւ անոր վերադարձի ժամուն ու ժամանակին հետ: Մեկնելէն առաջ ան իր ծառաներէն մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, երկրորդին երկու եւ երրորդին մէկ, «Ամէն մէկուն իր կարողութեան չափ» (Մատթէոս 25.15): Մարդուն փափաքն էր, որ իր երեք ծառաները աշխատէին իրենց կարողութեան եւ տաղանդին համեմատ: Մարդը վերադարձաւ` առանց նախօրօք զգուշացումի: Ան վարձատրեց ծառան, որ հինգ տաղանդին վրայ հինգ ալ աւելցուցած էր, նոյնպէս` երկրորդ ծառային, որ երկուքին վրայ աւելցուցած էր ուրիշ երկու ալ: Ան սակայն նախատեց եւ պատժեց երրորդը, որովհետեւ ան բան մը չէր աւելցուցած իր մէկ տաղանդին վրայ:
Հարցումը իւրաքանչիւրիս այս է, թէ ե՞րբ է Տիրոջ մեծ օրուան ժամը եւ ժամանակը: Պէ՞տք է սպասել զայն: Անպայման` այո՛, եւ այս է մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը, որ Քրիստոս նորէն պիտի գայ:
Բայց մինչ այդ ի՞նչ պարտինք ընել:
Պօղոս առաքեալ կու տայ պատասխանը: Քրիստոնեաները «լոյսի եւ ցորեկուան որդիներ են» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.5): Լոյսի մէջ եղողը լոյս կը սփռէ այս աշխարհին` հոն, ուր, յատկապէս ներկայ օրերուն, խաւարը կը տիրապետէ: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է լոյս սփռել` ըլլայ այդ փոքր, միջակ թէ մեծ ուժգնութեամբ: Լոյսը` անկախ իր քանակէն եւ ուժէն, անպայմանօրէն լոյս կը սփռէ: Լոյսը, սփռելու առաքելութեան մէջ կայ մէկ կարեւոր գրաւական` լոյսի մէջ եղողները եւ լոյսը սփռողները պէտք է որ «իրարու օգնեն» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.11): Երբ նայինք «իրարու օգնելու» արտայայտութեան յունարէն բնագիրին, հոն գործածուած է «oikodomeo» բառը: Յունարէն բառին գործածութիւնը կը պարփակէ շինարարական գործընթացի ծրագիր մը: Հոն, ուր մարդիկ միասին կը գործեն եւ նոր շինարարութիւն մը կ՛իրագործեն: Այս հասկացողութեամբ պէտք է հասկնալ Պօղոս առաքեալին «իրարու օգնեն» արտայայտութիւնը: Օգնել` կը նշանակէ կեանքերը շինել, որ կ՛անցնի նիւթական օժանդակութեան սահմաններէն անդին եւ կ՛ընդգրկէ միասին կերտել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերն ու տակաւին` հայրենիքը: Օգնելու եւ շինելու այս գործընթացը կ՛իրականանայ ու կ՛ամբողջանայ, երբ առկայ են զիրար հասկնալը եւ յարգելը: Նոյնիսկ երբ տարբեր մտածողութիւններ կան եւ տակաւին ոչ նոյնանշանակ աշխատանքային ոճ եւ գաղափար-միտք:
Մենք կ՛օգնեն՞ք իրարու: Կը հասկնա՞նք զիրար: Կը յարգե՞նք զիրար: Պատրա՞ստ ենք մեր կեանքերը միասին շինելու եւ ամբողջացնելու:
Արցախի պատերազմի քառասուն եւ չորս օրերուն թշնամիին յարձակումներուն դիմադրելէ ետք, հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի իր պատմութեան մէկ այլ ճակատագրական ու բախտորոշ իրականութիւն մը: Հայուն կեանքին մէջ այսօր կայ նեղութիւն, տառապանք, կործանում եւ աւերուածութիւն: Աշխարհի անարդար եւ անիրաւական համակարգերու եւ չափանիշներու շահարկումներու մէջէն հայուն կեանքը կ՛անիրաւուի անգամ մը եւս: Այս հայուն պատմութեան նոյն կրկնուող խաւարի կեանքն է, որուն մէջէն ան դարձեալ պիտի քալէ:
Պատմութեան ստեղծած իրավիճակները չենք կրնար փոխել: Բայց կայ կեանքին մէջ գիտակցութիւնը, որ կրնայ փոխել նոյն պատմութեան ստեղծած օրերուն ընթացքը: Տիրոջ օրուան գիտակցութիւնը եւ անոր ստեղծած լոյսի մէջ ապրելու գրաւականն է, որ կրնայ յաղթել խաւարին: Լոյսը, որ պիտի ջլատէ խաւարը մեր կեանքերէն եւ մեր երկրէն: Լոյսը լուսաւորելու համար կարիք ունի գործի եւ աշխատանքի, որոնք կ՛իրականանան երբ հայը կը մնայ զգաստ, որ`
իրարու պիտի օգնենք,
իրարու պիտի հասկնանք ու
իրարու պիտի յարգենք:
Մեր հաւաքական ու հայրենի կեանքերը միասին պիտի շինենք:
«Տիրոջ մեծ օրը մօտ է»: «Մօտը» կ՛իրականացնենք, երբ կը շարունակենք մնալ լոյսին մէջ: Լոյսով ստեղծուած գործը կը յաղթէ խաւարին ստեղծած բարոյալքումը եւ անէծքը: Իսկ յաղթելու համար պէտք է իրարու օգնենք` զիրար հասկնալով եւ յարգելով: Եւ` մեր կեանքերը միասին շինելով:
«Տիրոջը մեծ օրը մօտ է»:
Այս «մօտ»-ի գրաւականով հայը պարտի մնալ Լոյսի կեանքին մէջ` իրարու հետ եւ միասին:
20 նոյեմբեր 2020
Քուէյթ