ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Յարութեան տօնն էր կիրակի օր, եւ քրիստոնեայ աշխարհը առաջին անգամ ըլլալով ուրախ չէր:
Տխրութեան պատճառը անպայման «Քորոնա» ժահրին հարիւր հազարէ աւելի զոհերը չէին, ո՛չ ալ մէկ միլիոնէ աւելի վարակակիրները, որոնք զանազան երկիրներու հիւանդանոցներուն մէջ կը դարմանուէին, անկախ ինքնամեկուսարաններու մէջ գտնուողներէն եւ վերջնական ապաքինողներէն:
Տխրութեան պատճառը նաեւ համաշխարհային տնտեսութեան միլիառաւոր տոլարներու վնասները չէին, ո՛չ ալ աշխարհի առողջապահական համակարգին կրած ծանր հարուածները:
Քրիստոնեայ աշխարհը եւ համայն մարդկութիւնը կիրակի օր տխուր էր, որովհետեւ հրաշափառ Յարութեան այս տօնին Երուսաղէմի Յարութեան տաճարը, արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, փակած էր իր դռները: Էջմիածինն ու Անթիլիասը առանց հաւատացեալներու էին: Վատիկանը մեկուսացման մէջ էր: Տարի մը առաջ հրոյ ճարակ դարձած Փարիզի Նոթըր Տամին զանգերը չէին ղօղանջեր: Աստուծոյ տուներուն մէջ բարեպաշտներ խունկ ու մոմ չէին վառեր: Հաւատքի տուները ամայի էին…: Եկեղեցականներ առանձինն կը սպասարկէին Սուրբ խորաններուն, իսկ մարդիկ ընկերային ցանցերու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներով կը հետեւէին արարողութիւններուն:
Տխուր էր Յարութեան տօնը այս տարի, որովհետեւ մարդիկ առաջին անգամ ըլլալով իրարու հետ չեղան` իրարո՛ւ համար: Մարդիկ ողջագուրումով իրարու չշնորհաւորեցին` իրարմէ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու համար: Մարդիկ նոյնիսկ Ս. Հաղորդութիւն չստացան` մարդկային շփումէ հեռու մնալու համար:
Փոխարէնը, մարդիկ այս տարի աւելի՛ աղօթեցին:
Աղօթեցին տուներու եւ ծերանոցներու մէջ «բանտարկուած» ծերերու առողջութեան համար:
Աղօթեցին ընտանիքի անդամներով մեկուսացած հայրերու եւ մայրերու գործի յաջողութեան, համբերութեան եւ ապրուստի ապահովման համար:
Աղօթեցին կրթութեան լոյսէն եւ ժամանցի հաճոյքէն զրկուած մանուկներու աւելի լաւ ապագայի մը համար:
Աղօթեցին մանաւա՛նդ աշխարհի սպիտակ բանակին` բժշկական անձնակազմերուն, հիւանդապահներուն, տարրալուծարաններու մէջ աշխատողներուն համար, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ճգնաժամային այս օրերուն հերոսական գործ կը կատարեն մարդկութեան առողջութեան համար:
Աղօթեցին նաե՛ւ աշխարհի անթիւ կամաւորներուն համար. օգնութեան խաչերու նուիրեալներ, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու անդամ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք ամէն վտանգ աչք առած` այսօր կը փութան հասնելու վարակուողի մը փրկութեան, կարիքաւորի մը օժանդակութեան` առանց որեւէ խտրութեան եւ ակնկալութեան:
Աղօթեցին մարդիկ, յուզուեցա՛ն անոնք` իրենց սիրելի վեհափառին արցունքոտ աչքերուն հետ եւ անդրադարձան, որ Ս. Յարութեան տօնը իսկապէս տխուր է, տարբեր է այս տարի: Տօնին հետ տարբեր են մարդկութեան իրավիճակն ու հոգեվիճակը: Անփոփոխ է սակայն մէ՛կ ճշմարտութիւն, հաստատ է մէ՛կ իրականութիւն, որ`
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի: