ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ եւ պատմական դէմքերէն, ազգային գործիչ, բարերար Ռոժէ-Կարպիս Ջրբաշեան, 17 Յուլիսին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 94 տարեկանին։
Ծնած էր 1925-ին, վանեցի ընտանիքի յարկին տակ։ Ան միշտ վառ պահած է այդ արմատները, չըսելու համար՝ անոնցմո՛վ ապրած է։ Թունդ հայրենասէր, միշտ օժանդակած է Ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանին։
Կարպիս Ջրբաշեան ամենէն հին անդամն էր Հայց. եկեղեցւոյ Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան, ուր երկար տարիներ ստանձնած է զանազան պաշտօններ։ Ան հանդիսացած է նաեւ եկեղեցւոյ Պատգամաւորական ժողովի առաջին նախագահը։ Ինք էր նուիրատուն Խալաթեանի ստեղծագործած եռափեղկ որմնային քանդակին (Աւարայր, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ցեղասպանութիւն), որ զետեղուած է Փարիզի եկեղեցւոյ բակի պատերէն մէկուն վրայ։ Տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի հետ՝ նոյնպէս ինք էր որ նախաձեռնողը եղած էր Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ վարժարանի կառուցման, 1978-ին։ Փարիզեան Շարանթոն արուարձանի գլխաւոր զբօսայգիներէն մէկուն մէջ բարձրացուած խաչքարն ալ ինք նուիրած էր եւ որու հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 24 Ապրիլ 1996-ին։ Էջմիածնի մայր տաճարի զանգակներուն նուիրատուն ալ ինք էր։
Կարպիս Ջրբաշեան երկար տարիներ եղած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի կարեւորագոյն անդամներէն։ 1995-ին մաս կազմած է փարիզեան պատուիրակութեան՝ Գարեգին Ա. կաթողոկոսի ընտրութեան առթիւ։
Ասոնք վստահաբար միայն չնչին մէկ մասն են ողբացեալին ազգանուէր գործունէութեան։
Կարպիս Ջրբաշեանի՝ իր ազգին ու Էրգիրին փարումին լաւագոյն օրինակներէն է նաեւ հետեւեալը. ան 1947-ին հիմնած էր « Comptoir Commercial d’Orient » վաճառական ընկերութիւնը, որ գլխաւորաբար չոր միրգերու վաճառքով կը զբաղի։ Այդ ծիրին մէջ, յաջողած էր Թուրքիայէն ներածուած չոր ծիրանի ծրարներուն վրայ՝ «Ծիրան՝ Հայաստանի. հողեր, որոնք այսօր գրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ» պիտակը աւելցնելէ ետք՝ վաճառել ֆրանսական շուկայի հանրախանութներու մեծագոյն ցանցերէն մէկուն։
Աւելցնենք նաեւ, որ ողբացեալը բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է յատկապէս «Յառաջ»-ի, նաեւ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ։
Կարպիս Ջրբաշեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ։