Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու տեղակայումը կարելի կրնայ դառնալ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաւանութեամբ:
« Առաջնային հարցն այն է՝ պատրա՞ստ են, արդեօք, անոր հակամարտող կողմերը՝ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը: Խաղաղապահներու, դիտորդներու որեւէ տեղակայում կարելի է միայն երկու կողմերու համաձայնութեամբ». ըսաւ Փեսքով՝ պատասխանելով հարցումի մը՝ պատրա՞ստ է, արդեօք Ռուսիան իր խաղաղապահները ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ, եւ աւելցուց.« Առայժմ մենք տակաւին պատասխանը չենք լսած»: