Տօնական օրերէն ետք Լիբանանի մէջ կեանքը կը վերսկսի անբնական թափով:
Լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ իր գահավէժ ընթացքը եւ ամերիկեան տոլարը կ՛արձանագրէ սրընթաց բարձրացում` մէկ տոլարը կ՛արժէ 30.600 լ. ոսկի:
Երկիր մը, ուր ամէն բան դարձած է ոչ բնականոն` տնտեսական եւ ընկերային տագնապին սրումին պատճառով, երէկ ապրեցաւ նաեւ կրթական մարզին վերաբերող տաղտուկ մը:
Մինչ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի ընդգծեց, որ դպրոցները բնականոն կերպով իրենց աշխատանքին պիտի սկսին այսօր, ուսուցիչները հաստատեցին, որ իրենք աշխատանքի պիտի չվերադառնան, որովհետեւ իրենց պահանջները մնացած են անկատար:
Հալապի հաստատեց, որ կրթական տարեշրջանը վտանգուած է` աւելցնելով, որ աշակերտներուն ապագային մասին պէտք է մտածել:
Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ դպրոցները այսօր պիտի վերսկսին` աշակերտներուն ներկայութեամբ` աւելցնելով սակայն, որ իւրաքանչիւր դպրոցի տնօրէնութեան հայեցողութեան ձգուած է դպրոցի վերաբացումը:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր յայտնեց, որ կաթողիկէ դպրոցներուն կէսէն աւելին փակ պիտի մնայ այսօր` տնօրէններուն որոշումով:
Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն չվերադառնալու իրենց աշխատանքին` նախքան իրենց իրաւունքները ստանալը:
Իր կարգին, պետական դպրոցներու երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նազիհ Ժըպպաուի կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն դպրոց չվերադառնալու` հաստատելով, որ կրթութեան նախարարին խոստումները չեն գործադրուած:
Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի արձանագրած լայն տարածումին զուգահեռ, առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց պատուաստումի նոր մարաթոն մը:
Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ հաստատեց, որ «Քորոնա»-ն պիտի վերածուի ցունամիի մը` ընդգծելով, որ պատուաստումը փրկութեան միակ գօտին է:
Ուշ երեկոյեան առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ եթէ հիւանդանոցներուն 95 առ հարիւրը լեցուի, ապա ինք կոչ պիտի ուղղէ ամբողջ երկիրը փակելու եւ ո՛չ միայն դպրոցները:
Քաղաքական Տարակարծութիւնը
Եւս Կը Յամենայ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ ազգային երկխօսութեան հրաւէրին մասին իր պատասխանը տալու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուրբաթ, 7 յունուար 2022-ին այցելեց նախագահական պալատ:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Միքաթի յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին յայտնած է իր կեցուածքը` երկխօսութեան հրաւէրին առումով, եւ կը փափաքի, որ այդ կեցուածքը միայն նախագահ Աուն իմանայ:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ հաստատեց իր մերժումը այդ հրաւէրին: Հարիրի ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւս մերժեց երկխօսութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը նկատելով առաջնահերթութիւն:
Նշենք, որ Պըրրի յայտնած էր, թէ ինք համաձայն է երկխօսութեան: «Անկարելի է, որ երկխօսութեան հրաւէր մը մերժեմ, սակայն հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն երկխօսութեան արդիւնքները», աւելցուց ան:
Երկխօսութեան մասնակցութեան հաւանութիւն յայտարարած էր նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն շաբաթասկիզբին հանդիպումներ ունենայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` քննարկելու համար երկխօսութեան հրաւէրին վերաբերող մանրամասնութիւններ: