Որքան մօտենանք տօնական օրերուն, այդքան աւելի կը հեռանանք տօնական մթնոլորտէն: Տօնակատարելու եռանդը կը հեռանայ եւ կեդրոնացումը կ՛ամփոփուի ողջ մնալու համար մղուած պայքարին շուրջ:
Մինչ ամերիկեան տոլարին սակը կ՛անցնի 28.500 լ. ոսկիի սահմանը, առեւտրականները պաշտօնապէս կը յայտարարեն, թէ իրենք սննդամթերքի եւ բոլոր ապրանքատեսակներու սակերը ճշդած են 30.000 լ. ոսկիի սակին համաձայն:
Տնտեսական, ելեւմտական ու ապրուստի տագնապներուն սրելուն կողքին նկատառելի աճ սկսած են արձանագրել ապահովական միջադէպերը, որոնց շարքին է «Պիպլոս» դրամատան Զալքայի մասնաճիւղին մէջ պատահած երէկուան միջադէպը, երբ զինեալներ դրամատունը գողնալու նպատակով մուտք գործած են դրամատուն, սակայն ազդանշաններ տուող զանգերէն անակնկալի մատնուելով կրակած են` թեթեւօրէն վիրաւորելով պաշտօնեայ մը եւ փախուստ տուած են դրամատունէն:
Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին մեծ թիւով քաղաքացիներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Քոլայէն Պըրժ Ապի Հայտար տանող ճամբան, ինչպէս նաեւ Քոռնիշ Մազրաան` «Ապտել Նասեր» մզկիթին մօտ: Փակուեցաւ նաեւ Խալտէի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Ցուցարարները բողոքեցին հետզհետէ վատթարացող տնտեսական տագնապին դէմ:
Այս բոլորին կողքին, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը վաղը` հինգշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2021-ին, ընդհանուր գործադուլ եւ ցասումի օր յայտարարած է:
Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է վճարէ լիբանանեան պետութեան կողմէ համացանցի ընկերութեան կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնը` 500 հազար տոլար, որպէսզի կարելի ըլլայ համացանցի ծառայութիւնը պահպանել:
Անդրադառնալով հաղորդակցութեան ծառայութեան սակերը բարձրացնելու միտումին` Հաժ Հասան շեշտեց, որ նման հարցերու լուծումը անպայմանօրէն ծառայութեան սակը բարձրացնելու եւ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու կարելիութիւնը չէ: