Տպագիր թերթին համն ու հոտը աւելի քան իւրայատուկ է այս դարաշրջանին, համացանցն է տիրականը:
Ամէն առաւօտ բազկաթոռին կը նստիս, թերթը կը բանաս: Նախ արագօրէն աչք մը կը նետես խորագիրներուն վրայ: Ապա քեզ հետաքրքրող նիւթերէն կը սկսիս ընթերցումդ: Կողքի սեղանիկին վրայ կը տեղաւորես գաւաթ մը նեսքաֆէ եւ դանդաղօրէն կը խմես ընթերցանութեան ընթացքին: Ումպ մը եւ քանի մը նախադասութիւն: Իսկապէս հիանալի զգացում մըն է տպագիր թերթը ձեռքերուդ մէջ ունենալը, երբ մանաւանդ կը փափաքիս կարդալ եւ իմանալ տուեալ թերթին քաղաքական տեսակէտը քեզ մտահոգող խնդիրներուն վերաբերեալ:
Տպագիր բոլոր թերթերն ալ ունին իրենց կայքէջերը, ուր կը տեղադրուին օրուան յօդուածները, լրատուութիւնները, տոմսերը, խմբագրականները եւ տեղեկատուութիւնները, որոնք կը վերաբերին` գաղութներու առօրեային, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն, պատանեկան, երիտասարդական, ընկերատնտեսական, քաղաքական, ապահովական, մարզական, մշակութային, առողջապահական խնդիրներու: Համացանցային կայքէջը անշուշտ ունի իր առաւելութիւնները, որոնց շարքին է, օրինակի համար, տուեալ յօդուածը օրեր ետք փնտռելու, գտնելու եւ կարդալու կարելիութիւնը: Օրաթերթին համացանցային տարբերակը նաեւ ունի տեղեկութիւններու շտեմարան մը ըլլալու կարելիութիւնը, որովհետեւ յատուկ նիւթ մը փնտռելու եւ գտնելու դիւրութիւններ ունի:
Հիմա անմիջապէս պատմեմ, թէ ինչո՛ւ այսօրուան տոմսին նիւթը տպագիր թերթ կարդալու անխառն հաճոյքին մասին է: Քանի մը օր առաջ առաւօտուն իջայ բնակարանէս եւ քալելով ուղղուեցայ քանի մը հարիւր մեթր անդին գտնուող կանաչեղէնի շուկան: «Արին» կեդրոնին դիմացը գտնուող գրասենեակներու շէնքին տակ կը գտնուի պարոն Ալլըքեանին վաճառատունը: Բուրդ, թել, ձեռագործներու կտաւներ, ասեղներ եւ այն ամէն ինչը, որ կապ ունի ձեռագործներու հետ, կրնաք գտնել պարոն Ալլըքեանին վաճառատան մէջ: Անշուշտ այս տոմսը վաճառատան գովքը հիւսելու կամ զայն ծանուցելու նպատակով չի գրուիր: Աւելի կարեւոր եւ կենսական, բաւական ուրախացնող, քիչ մը նեղացնող երեւոյթ մը նշելու համար է, որ մտածումներս ուզեցի բաժնեկցիլ ձեզի հետ:
Առաւօտեան այդ ժամուն ելեկտրածին շարժակները տակաւին չեն բանիր: Պարոն Ալլըքեան, աթոռ մը զետեղած վաճառատան դրան կիսուն, ոտքը ոտքին, այնքան լուրջ եւ երկիւղածութեամբ կը կարդար «Ազդակ»-ը, որ երբ բարեւեցի, եւ բարեւիս պատասխանեց ու շարունակեցի քալել, կանգ առի քանի մը մեթր անդին: Այս տեսարանը կարելի չէր չնկարել: Վերադարձայ, ժպիտը դէմքիս, առանց իսկ զգացնել տալու, թէ զինք կը նկարեմ, բջիջային հեռաձայնովս նկարեցի պարոն Ալլըքեանը եւ ՈւաթցԱփի սթեյթըս դրի…
…Խորագիրն ալ դրի` «Վերջին մոհիկաններէն»: Իսկապէս հիանալի էր տեսարանը: Ահա լուսանկարը` տպագիր թերթ կարդացող վերջին մոհիկաններէն մէկուն: Լաւ կ՛ըլլայ, որ պարոն Ալլըքեանը երիտասարդ հետեւորդներ ունենայ: Բաղձանք մըն է ասիկա անշուշտ:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ