Քառասուն օրեր անցած են, եւ տակաւին դժուար է հաշտուիլ տոքթ. Քէշիշեանի վաղաժամ կորուստին հետ:
Իր կեանքի արագընթաց երթին առաջին հիմնական հանգրուանը եղաւ բժշկական կազմաւորումը` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1993-ին` իբրեւ սրտաբան:
Լիբանան վերադառնալով` տոքթ. Քէշիշեան գործեց բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ, որոնց շարքին` Տահր Պեշըք պետական հիւանդանոցը, ուր հետագային նշանակուեցաւ բժշկական տնօրէն: Ժողովուրդին հետ մնայուն կապի մէջ էր դարմանատուներու ճամբով` ծառայելով Հայ կաթողիկէ «Նարեկի Տիրամօր» դարմանատան եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ուր հետագային նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնեց:
Ան գործօն անդամ էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան` 1994-էն ի վեր, մասնակից` ձեռնարկներու, դասախօսութիւններու, Սենտիքայի ընտրութիւններու, հանրութեան ուղղուած բժշկական յայտագիրներու (Էյ. Թի. Էն. պատկերասփիւռի կայանէն եւ «Վանայ ձայն»-էն):
Երբ վարչութիւնը նախաձեռնեց ներքին դասախօսութիւններ կատարելու` միութեան անդամներու կողմէ, ան առաջին ընդառաջողներէն էր:
Տոքթ. Սահակ գործօն մասնակցութիւն բերաւ միութեան ընդհանուր անդամական ժողովներու: Ան յաջորդական 6 տարիներ մաս կազմեց վարչութեան` որպէս խորհրդական, ապա որպէս գանձապահ` պատասխանատուութիւն մը, զոր կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ:
Ան` որպէս վարչական, իր մասնակցութիւնը բերաւ 2005-ին լոյս տեսած Լիբանանահայ բժշկական միութեան 5-րդ հասցէագիրքի պատրաստութեան:
Բժշկական ասպարէզի կողքին, տոքթ. Սահակ Քէշիշեան ունեցաւ հանրային եւ կուսակցական ծաւալուն գործունէութիւն (Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ միութիւն, Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւն, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապ): 2016-ին ընտրուեցաւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ ստանձնեց Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետութիւնը:
Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան միշտ տպաւորած էր իր աշխուժ գործունէութեամբ եւ անմիջականութեամբ: Քննական միտք ունէր եւ յատուկ ոճ` առանց դարձուածքի անկեղծօրէն իր տեսակէտը արտայայտելու: Ան իր դրոշմը ձգեց այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր գործեց:
Պատնէշի վրայ մնալու իր անձնական օրինակը լաւագոյնս կը ցոլացնէր բժշկական խաւին յանձնառութիւնը եւ նուիրումը` «Քորոնա» ժահրի մահասփիւռ համաճարակին դէմ յանդիման:
Ափսոս, որ մահը խլեց զինք 58 տարեկան հասակին, երբ տակաւին շատ տալիք ունէր:
Յարգա՛նք յիշատակիդ:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ