Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ անցնող օրերուն տոքթ. Ֆիլիփ (Լիբանան) եւ Արա (Աւստրալիա) Բարաքսեան եղբայրներ Երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով 35 ընտանիքներու կատարեց նիւթական յատկացում` օժանդակելու համար անոնց` դիմագրաւելու ներկայ ընկերային պայմանները:
Բարաքսեան եղբայրներ նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակին տրամադրած էին որոշ քանակութեամբ դեղորայք, որոնք տրամադրուեցան կարիք ունեցող պարագաներու:
Նման բարերար հայրենակիցներու օժանդակութիւնը մեծապէս գնահատելով` դարձեալ կը կրկնենք. «Միասնաբար կը յաղթահարենք տագնապը»:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ