Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծագոյն դէմքերէն մէկը կը նկատուի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ՝ զաւակը Զաքարիա քահանային եւ Եղիսաբէթին: Աւետարանին մէջ սուրբին ծնունդին աւետումը հրաշալի դէպքով կը նկարագրուի. հրեշտակը Զաքարիային կ՚աւետէ Եղիսաբէթին յղութիւնը եւ ծնելիք մանուկին անուանակոչումը (Հմմտ. Ղկ 1.13):
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ իր կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրուէ Տիրոջ։
Յովհաննէս Մկրտիչ կը յանդիմանէ Հերովդէս չորրորդապետը՝ անոր ամբարիշտ ապրելակերպին պատճառով, որուն հետեւանքով կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի: Հերովդէս, իր ծննդեան տարեդարձին, իր կնոջ՝ Հերովդիայի փափաքով գլխատել կու տայ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ափսէի մը վրայ դնելով իր կնոջ կը նուիրէ սուրբին գլուխը (Հմմտ. Մտ 14.3-12):
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ իր ճշմարտախոհ ու ճշմարտախօս նկարագրին շնորհիւ արժանացած է նահատակութեան լուսեպսակին:
Թող որ սուրբին անունով մկրտուած իւրաքանչիւր հայորդի վայելէ անոր բարեխօսութիւնը ու սուրբը դառնայ անոր կեանքի ուղեցոյցը:
Գիտէի՞ր թէ



