Մեր ազգային գետինը լեցուն է զանազան ցաւերով: Անոնցմէ շատերուն պատճառը արտաքին է: Այսքանը կը գիտակցինք: Շատ մը ցաւեր ալ ներքին են: Այս մէկը չենք ուզեր գիտակցիլ: Դիւրին է միայն արտաքին գործօններու վրայ բեռցնել մեր իրականութեան մէջ տեղ գտած խորթ երեւոյթներուն պատասխանատուութիւնը: Սակայն որքան ալ փորձենք մենք զմեզ խաբել, ան կը կրէ ժամանակաւոր բնոյթ: Առաւելագոյնը՝ կարկտան լուծում: Խորքին մէջ ինքնախաբէութիւն է այդ կարկտան լուծումը, անտարբեր ձեւանալը՝ պատասխանատուութենէ խուսափելու անձնատուութիւն:
Մեր հիմնական թուլութիւններէն մէկն է հարցերու մասին խօսիլ, քննարկել զանոնք, եզրակացութեան հասնիլ, առանց ոեւէ մէկը նեղացնելու նախապամայնով, այսինքն՝ խուսափիլ ճշմարտութենէն: Խօսիլ, խօսելու սիրոյն, բայց առանց խորապէս քննարկելու տուեալ օրակարգը, կամ առարկայական մօտեցումով ախտաճանաչում կատարելէ ետք՝ դարմաններ գտնելու տուեալ հարցին կամ՝ երեւոյթին: Շատ յաճախ հարցերու կը մօտենանք ի սկզբանէ «Ինծի Ինչ»ի դիտանկիւնէն: Խուսափինք ճշմարտութիւններէն եւ փորձենք պահուըտիլ մեր մատին ետին, պարզապէս կեղծ համեստութիւն մը եւ կամ հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալու ձեւականութեամբ: Սակայն, ի վերջոյ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող, անոր ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնող անհատ մը եւ կամ՝ իշխանութիւն մը, պատասխանատուութիւն մը ունի ստանձնելիք հաւաքական մտահոգութիւններուն առջեւ:
Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր հին ու նոր մնայուն ցաւերը՝ ազգային, կրթական, եկեղեցական եւայլն: Երբ կը խօսինք այս մասին, ոմանք ճշմարտութիւնները գիտնալով հանդերձ անախորժութիւն կը զգան երբ հարցը կը վերաբերի զանոնք հաստատելու իրողութեան: Ընդհանրապէս կը խուսափին վճռական պահուն «գէշ մարդ» ըլլալու կարգավիճակէն:
Այսպէս է ազգային – ընկերային կեանքը: Երեւոյթներ կը տեսնենք, կը դիտենք, յաճախ ականատես կը դառնանք, սակայն վճռական պահուն փախուստ կու տանք ճշմարտութենէն: Միեւնոյն կացութիւնը կը տիրէ նորանկախ Հայաստանի մէջ: Անկախութեան անցնող քսան տարիներուն ընթացքին ունեցանք «ազգընտիր» երեք նախագահներ: Նախագահական իւրաքանչիւր ընտրութեան նախօրէին, անոնք շռայլեցին ընտրական բազմապիսի եւ բազմաբնոյթ խոստումներ: Մենք երբեւիցէ յաւակնութիւնը չունինք լուսարձակի տակ առնելու կարեւոր կացութիւններու առջեւ Հայաստանի նախագահներուն կեցուածքը կամ ընթացքը : Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ընկերային, տնտեսական հարցերու վերաբերեալ ունինք մեր սեփական տեսակէտները, որոնք կրնան համընկնիլ կամ՝ անյարիր ըլլալ տուեալ նախագահին մօտեցումներուն: Մեր խօսքը կը վերաբերի տխուր երեւոյթի մը, աղէտի չափանիշներու հասած մտահոգութեան մը գործած հետեւանքներուն: Համազգային ողբերգութիւն մը, որ ներքնապէս կը հիւծէ ու կը տագնապեցնէ մեզ՝ Արտագաղթը…: Հայաստանը լքելու եւ արտերկիր մեկնելու հայ անհատին
որոշումը սարսռալու աստիճան կը շանթահարէ մեզ: Ատրպէյճանի նախագահն անգամ հայուն արտագաղթին վրայ դրած է իր գրաւը: Մարդուժի, ուղեղներու հոսքը կը պարզէ սխուր ցուցանիշ: Որքան ալ փորձենք ծածկել, որքան ալ փորձենք մեղմացնել, անտարբեր ձեւանալ, գոռացող ճշմարտութեան մը առջեւ չենք կրնար մենք զմեզ խուլ ձեւացնել: Նախանձախնդիր իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է հարց բարձրացնել այս մտահոգիչ երեւոյթին շուրջ եւ դարմաններ փնտռել: Հայը ինչո՞ւ պիտի լքէ իր հայրենիքը, այնպիսի յաճախականութեամբ, որ Ալիեւի նման հրէշ մը հայաթափումի վրայ դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը: Հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կայ այստեղ, որուն համար անհրաժեշտ է համազգային եւ առարկայական մօտեցում: Ո՞վ արդեօք Հայաստանի նախագահութեան յաւակնող թեկնածուներէն յստակ ծրագիր ունի այս ցաւալի եւ տխուր պատկերին դարման մը գտնելու ուղղութեամբ: Վիճակագրական տուեալները որքան ալ ծածկենք, իրողութիւն մը կայ պահուած: Ճիշդ այս պատճառով, անգամ մը եւս կը կրկնենք. Ինքզինք սպառած ընդդիմութիւն մը եւ քաղաքական կրկէսին ծանօթ անուններ հաւաքաբար մեղսակից են այսօրուան տխուր կացութեան: Հայաստանին անհրաժեշտ է համակարգային փոփոխութիւն: Համակարգ, որ երաշխաւորէ իրաւական եւ սահմանադրական կառոյցներու ազատ ու անկաշկանդ գործունէութիւն: Ամրապնդէ ժողովրդավարութեան հիմքերը: Արտագաղթի դէմ պայքարը լուռ բայց հիւծող ցաւ է: Խօսինք ու դարմաններ փնտռենք այս շփոթալի կացութեան: Հրեաները օտարի հայրենիքը բռնագրաւելով հանդերձ , «Դէպի հայրենիք» կարգախօսի տակ միջազգային համաժողովներ կը կազմակերպէին անցեալին: Մեր արդար իրաւունքն է բարձրաձայնել այս յոյժ մտահոգիչ կացութեան առջեւ ու պահանջել հրատապ լուծումներ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com