Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՑԱՒԱԼԻ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

September 30, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
“Խստագոյն կարգապահութիւն, նուիրեալ աշխատանք եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք՝ ահա՛ երեք հիմնասիւները, որոնք կ’երաշխաւորեն Հայութեան յարատեւումը իր հայրենական պետութեան մէջ”
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Եթէ որոշած ես ՀՀ-ի քաղաքացիութեան համար դիմել ՀՀ-ի ոստիկանութեան Անձնագրային եւ վիզաների վարչութիւն կոչուած կեդրոնը Երեւանի մէջ (Դաւիթաշէն թաղամաս, ծանօթ է ՕՎԻՐ ռուսերէն յապաւումով), սկիզբէն պատրաստ եղիր երկու ժամի չափ ոտքի կենալ համապատասխան գրասենեակի դուռին առջեւ, վիճիլ ու կռուիլ քեզի նման հոն սպասողներուն հետ, յօժարիլ երեք պաշտօնեաներէն առնուազն մէկուն մշտական բացակայութեան հետ եւ նման ստորացումներու արժանանալ: Յաճախ կը բացակայի նաեւ բացատրող տեղեկատու պաշտօնեան: Ո՛չ հերթի թիւ տուող մեքենայ կայ, ո՛չ հերթագրման որեւէ ձեւ, ով կ՛ուզէ կը մտնէ այդ գրասենեակ ու կ՛ելլէ անկէ, մէկ խօսքով ոչ թէ 21-րդ դարու 21-րդ տարուան համապատասխան մօտեցում կայ, այլ ընդհակառակը՝ հաւանաբար Քրիստոսէ առաջ 21-րդ դարուն իսկ այսպիսի իրավիճակ չէ եղած:
Աւելցնեմ, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժինն ալ շաբթուան 168 ժամերէն կ՛աշխատի ՄԻԱՅՆ ՈՒԹ ԺԱՄ (սխալ չէք կարդար, այո՛, ՄԻԱՅՆ ՈՒԹ ԺԱՄ), այն ալ՝ եթէ շաբթուան մէջ տօներ չպատահին: Այդ բաժինը փաստաթուղթեր վաւերացնելու համար բաց է միայն Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, ժամը 10-էն 12-ը ՄԻԱՅՆ: Այս նախարարութեան երկոտանի պատասխանատուները չե՞ն գիտեր, թէ մանաւանդ աշնան այս ամիսներուն երբ ՀՀ-էն մեկնողներուն եւ ՀՀ ժամանողներուն թիւը մեծ աճ կ՛արձանագրէ, այդ բաժին դիմողներուն քանակն ալ մեծապէս կ՛աւելնայ, եւ փոխանակ բնականոն երկրի մը նման շաբաթը ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԺԱՄ աշխատին, աւելցնեն այդ ժամաքանակները, ինչո՞ւ չէ, աշխատին նոյնիսկ Կիրակի օրերը: Եւ դեռ կ՛ուզէք որ ՀՀ պետական այս ու այլ մարմիններու այսպիսի ծուլութեամբ, անկազմակերպութեամբ, անփութութեամբ ու անկարգապահութեամբ խելքը գլուխը մարդիկ ՀՀ-ի մէջ ներդրումնե՞ր ընեն: Ի՞նչ է, այդ մարդիկը ապո՞ւշ կը կարծէք: Այս բոլորին համա՞ր ալ մեղադրենք թուրքն ու ատրպէյճանցին, ռուսն ու պարսիկը, եւրոպացին ու ամերիկացին: Եթէ պետութիւն կառավարել չէք գիտեր, վայրկեան առաջ աշոծծեան եղէք իշխանութենէն: Զզուեցուցի՛ք:
Previous Post

Հայերէնը կը զուարճանայ (42)

Next Post

President Erdoğan defends Turkey’s right to strengthen its defense

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.