Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Անթիլիաս
Պէյրութ,Լիբանան
Վեհափառ Տէր,
Աշխարհ այս օրերուն մեծ ճգնաժամի մէջ է։ Լիբանան անմասն չէ այս բոլորէն։ Պսակաձեւ ժահրը եւ անոր ստեղծած արհաւիրքը ու հիւանդութիւնը կը խլէ մարդկային կեանքեր։ Եւ մեր Լիբանանն ալ այսօր, զօրաւոր կերպով,համավարակի ստեղծած աւերը կապրի եւ մարդկային կեանքերը որ կը մահանան։ Եւ հայկական իմաստով ալ սկսած ենք կորսնցնել մեր անդամները եւ դժբախտաբար շար արագ՝մէկը միւսին ետեւէն։
Եւ այսօր կը կորսնցենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատաւոր եւ նուիրեալ միաբաններէն Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս.Բարիքեանը։
Սրբազան Հօր առաքելութիւնը եւ տարբեր բնագաւառներու մէջէն եղաւ Քրիստոսի եւ Անոր Խօսքին՝Աստուածաշունչին համար նուիրուած եւ Անով լեցուած նուիրումի կեանք ու գործունէութիւն մը։ Սրբազան Հայրը իւրացուցած էր Աստուածաշունչը որպէս իր կեանքի եւ կոչումի հիմք՝ եւ իր կեանքը դրաւ հայ ժողովուրդին համար եւ ճիգ չի խնայեց նոյնը ջամբելու բոլորին։ Ան սիրեց հայը ամէն տեղ որ գնաց եւ հոգեւոր,եկեղեցական եւ Աստուածաշունչի ուսուցմունքը եղաւ իր առաքելութեան կիզակէտը։ Եւ նոյնպէս սիրեց մանուկը երբ նուիրումով կատարեց իրեն վստահուած Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնի նուիրական գործը՝ուր հայ մանուկերու խնամքը կատարեց Քրիստոսի խօսքին հիմքով՝«թող տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն»։ Ան մանուկները՝«մանր տղաքը»՝ Քրիստոսի տարաւ եւ սորվեցուց անոնց Քրիստոէական մեր հաւատամքի կարեւոր ճշմարտութիւնը։ Սրբազանը նոյնքան սիրեց երաժշտութիւնը եւ այդ գեղեցիկ արուեստի մէջէն ուզեց ցոյց տալ Աստուծոյ եւ Անոր Ստեղծագործութեան գեղեցկութիւնը։
Կորսնցուցինք մէկ կարող եկեղեցական առաջնորդ կղերական մը։ Մեղրիկ Սրբազան տակաւին շատ բան ունէր յաջողցնելու իր երկրային կեանքի ընթացքին։ Բայց ան կրցաւ ապրիլ՝բայց նաեւ բաժնեկցիլ Քրիստոսի, Աստուածաշունչի եւ Հայ Եկեղեցիին համար նուիրումի կեանք եւ առաքելութիւն մը։ Եւ իր պատգամը այսօր բոլորիս, «ապրեցէք Քրիստոսով եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններով լեցուն կեանք մը»։
Աշխարհագրականօրէն հեռու, բայց մտքով,սրտով եւ աղօթքով ձեր բոլորին հետ ենք։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան խնամակալ Մարմնի, ինչպէս նաեւ անձնակազմի անունով եւ անձնապէս, կը փոխանցենք մեր ցաւակցութիւնները ձեզի, Վեհափառ Տէր,Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր ընտանեկան պարագաներուն։
Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցենք։
Ցաւակցօրէն՝
Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն
Քուէյթ, 17 Յունուար 2021