ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քաջալերուած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած եւ Էլի Վիզելի անուան Ցեղասպանութեանց եւ բռնարարքներու կանխարգիլման բանաձեւէն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնեց ցեղասպանութեանց կանխարգիլման եւ ցեղասպանութիւններու պատասխանատուները պատժելու կարելիութիւններուն նուիրուած քննարկումներու շարքի մը, որ կը կրէ «ցեղասպանութիւն» բառը յօրինած Ռաֆայէլ Լեմքինի անունը:
Շարքին առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 27 Փետրուարի յետմիջօրէին, Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ: Անդրանիկ ներկայացումը կատարեց Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ դոկտ. Հենրի Թերիոթ, իսկ հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Թերեզա Երիմեան:
Ներկաներուն մէջ կային Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիեսան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Իր ներկայացման մէջ բանախօսը շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւնը կը փոխէ ոչ միայն զայն վերապրած ժողովուրդը՝ այլ նաեւ զայն իրագործած երկրի էութիւնը, ցաւ յայտնելով, որ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» որակումին հաստատումէն 75 տարի անց ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին՝ վերափոխելով թէ՛ անոնց զոհերը եւ թէ իրականացնողները:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ մինչ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը ի՛նք, առանց որեւէ արտաքին ճնշման ճանչցաւ Աւստրալիոյ բնիկ բնակչութեան դէմ 18-19րդ դարերուն իրականացուցած ցեղասպանութիւնը, Անգարա կը շարունակէ կտրուկ կերպով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը՝ վնաս հասցնելով Թուրքիոյ զարգացման։
«Կարելի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած մարդիկը յետագային Թուրքիոյ իշխանութիւնը կազմեցին եւ ուրուագծեցին այսօրուան Թուրքիոյ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական համակարգի հիմքերը: Ուստի, ինչո՞ւ կը զարմանանք, որ տասնամեակներ անց հոն այժմ կը հալածուի նոր խումբ մը՝ քիւրտերը», աւելցուց ան:
Ան շեշտը դրաւ ցեղասպանութեանց զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու եւ ցեղասպանութեանց պատասխանատուները պատժելու ջանքերուն վրայ՝ շեշտելով, որ անոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կանխարգիլել ապագայ ցեղասպանութիւնները, այլապէս միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւնը գործողներուն մօտ այն տպաւորութիւնը պիտի ձգէ, թէ «ցեղասպանութիւնները հասութաբեր նախաձեռնութիւններ են»։
Թերիոթ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնէն հեռացուած Ճան Էվընզի քաջութիւնը։
Նշենք, որ քննարկումներուն այս շարքը կարելի դարձած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին եւ Սու Արամեանի ու անոր հանգուցեալ քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարկոյի յիշատակին կատարուած նիւթական աջակցութեամբ: