ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն ներկայացուցած նախագիծը, ուրկ՛առաջարկուի քրէականացնել Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու նախագիծը Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեամբ ստացաւ 121 թեր ձայն:
Նախագիծով կը սահմանուի, որ Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրումը կը պատժուի բանտարկութեամբ՝ ութէն տասը տարի ժամկէտով: Նոյն արարքը եթէ կատարուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներով կամ համակարգչային համակարգի միջոցով, խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ՝ կը պատժուի 10-14 տարուան բանտարկութեամբ։
Նոյն արարքը եթէ կատարուի կազմակերպուած խումբի կողմէ, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով` կը պատժուի 14-20 տարուան կամ ցման բանտարկութեամբ։