ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլու պատասխանած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող իր գրառումներուն վերաբերեալ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած քննադատութիւններուն:
Ըստ թրքական «Superhaber.tv» լրատուական կայքին՝ Քաֆթանճըօղլու յայտարարած է, որ պետութեան դէմ գրուած շարք մը քննադատական բնոյթի գրառումներուն հեղինակը ինք չէ՛, սակայն ընդունելով, որ ինք միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառումը կատարած է:
«Իմ գրառման մէջ միակ բանը Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրուան քայլերթին վերաբերեալ ուղերձը եղած է: Հոն տեղեկացուցած եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քայլերթը սկսած է, նաեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քանի մը բան գրած եմ: Անկէ բացի՝ մնացած բոլոր գրառումները ես չեմ ըրած», պարզաբանած է ան:
Յիշեցնենք, որ Քաֆթանճըօղլու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր գրառումը կատարած էր 24 Ապրիլ 2012-ին՝ նշելով. «Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է: Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ կ՛ոգեկոչենք կոտորուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը»:
Գրութիւնը բացայայտուած էր, երբ Քաֆթանճըօղլու կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի նախագահ ընտրուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:
16 Յունուարին, Էրտողան խս-տօրէն քննադատած էր Քաֆթանճըօղլուն՝ պնդելով, որ ան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելով՝ «կը նսեմացնէ մեր ազգն ու պատմութիւնը»: