Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մեկնած է Գանատա, ուր մասնակցած է Քորէական պատերազմի (1951-1953թթ) մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու գագաթնաժողովին:
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի՝ վկայակոչելով թրքական «Mynet» լրատուամիջոցը` մինչ գագաթնաժողովի մեկնարկը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Չաւուշօղլու անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:
«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ վերջինիս խորհրդարանը ոչ մէկու պատմութեան մասին որոշում կը կայացնէ: Այդ ամէնուն սկզբունքօրէն դէմ ենք: Մասնաւորապէս պատմական հարցերը պէտք է ձգել պատմաբաններուն: Պատմական հարցերով որոշումներ ընդունիլ կարենալու համար նաեւ պէտք է ըլլան դատարանի որոշումներ: Օրինակ ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ծանօթագրական, այլ իրաւական արտայայտութիւն է»,- ըսած է ան:
Վերջինս նաեւ ընդգծած է, որ հայկական լոպպին Գանատայի մէջ բուռն գործունէութիւն կը ծաւալէ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 27 Յունիս 1950-ին ՄԱԿ-ը ընդունեց №83 բանաձեւը, որով կոչ կ՛ուղղուէր ռազմական օգնութիւն տրամադրելու Հարաւային Քորէային` Քորէայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան դէմ պատերազմի ընթացքին: Թուրքիա ԱՄՆ-էն ետք դարձաւ առաջին երկիրը, որ արձագանգեց ՄԱԿ-ի կոչին: Պատերազմի ընթացքին Թուրքիա ուղարկեց քանի մը ջոկատներ, որոնք սակայն ծանր կորուստներ ունեցան: