Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Ոչ Թէ Ծանօթագրական, Այլ Իրաւական Արտայայտութիւն է․ Չաւուշօղլու

January 17, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Turkey, US joint working group on legal affairs to meet Jan 23

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մեկնած է Գանատա, ուր մասնակցած է Քորէական պատերազմի (1951-1953թթ) մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու գագաթնաժողովին:

Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի՝ վկայակոչելով թրքական «Mynet» լրատուամիջոցը` մինչ գագաթնաժողովի մեկնարկը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Չաւուշօղլու անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:

«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ վերջինիս խորհրդարանը ոչ մէկու պատմութեան մասին որոշում կը կայացնէ: Այդ ամէնուն սկզբունքօրէն դէմ ենք: Մասնաւորապէս պատմական հարցերը պէտք է ձգել պատմաբաններուն: Պատմական հարցերով որոշումներ ընդունիլ կարենալու համար նաեւ պէտք է ըլլան դատարանի որոշումներ: Օրինակ ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ծանօթագրական, այլ իրաւական արտայայտութիւն է»,- ըսած է ան:

Վերջինս նաեւ ընդգծած է, որ հայկական լոպպին Գանատայի մէջ բուռն գործունէութիւն կը ծաւալէ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 1950-ի Յունիս 27-ին ՄԱԿ-ը ընդունեց №83 բանաձեւը, որով կոչ կ՛ուղղուէր ռազմական օգնութիւն տրամադրելու Հարաւային Քորէային` Քորէայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան դէմ պատերազմի ընթացքին: Թուրքիա ԱՄՆ-էն ետք դարձաւ առաջին երկիրը, որ արձագանգեց ՄԱԿ-ի կոչին: Պատերազմի ընթացքին Թուրքիա ուղարկեց քանի մը ջոկատներ, որոնք սակայն ծանր կորուստներ ունեցան:

Previous Post

The deadly African gold rush fuelled by people smugglers’ promises

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Մասին Ազհարի Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.