Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 266
Ռաֆայէլ Լեմքին (1900-1959) հրէական արմատներով լեհ փաստաբան է, որուն գործերուն մասին Փրօֆ. Մայքըլ Պազիլըրի յառաջաբանով անգլերէն գիրք մը լոյս տեսած է “Ռաֆայէլ Լեմքինի Թղթածրարը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին- Թուրքերու Հայոց Ջարդերը (Ձեռագիր Ռաֆայէլ Լեմքինի Հաւաքածոյէն), Ամերիկա-Հրէական Պատմական Միութիւն – Հայկական Յիշատակարանային Կեդրոնի հրատարակութիւն, Կլէնտէյլ, Գալիֆորնիա, 2008, միջակ չափի 160էջ: (With a Forward by Prof. Michael J. Bazyler, “Raphael Lemkin’s Dossier on the Armenian Genocide – Turkish Massacres of Armenians (Manuscript from Raphael Lemkin’s Collection), American Jewish Historical Society- Center for Armenian Remembrance, Glendale, California, 2008, medium size 160 pages).
Փրօֆ. Մայքըլ Պազիլըր գիրքին յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ. “Ռաֆայէլ Լեմքին քսաներրոդ դարու ամենէն ազդեցիկ իրաւաբաններէն եւ մարդու իրաւանց պաշտպաններէն է, որ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Մեծ Եղեռնը “Ցեղասպանութիւն” (Genocide) որակեց: Ան ՄԱԿ-ի կողմէ “Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման Եւ Անոր Համար Պատիժի” որոշման (Genocide Convention) վաւերացման գլխաւոր մղիչ ոյժը դարձաւ: “Հայոց Մեծ Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան մասին Լեմքինի գրութիւնները ուժեղ կերպով կը ցցուին թրքական ուրացման դէմ”, կ’աւելցնէ Պազիլըր:
Ռաֆայէլ Լեմքին “Հայերը” (The Armenians) խորագրին տակ կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ամփոփ պատկերը գիրքին էջ 1-18ին մէջ: Ապա կը խօսի թուրքերու կողմէ հայոց պարտադրուած ծանր եւ դաժան տուրքերու մասին 19-48րդ էջերուն մէջ: Իսկ “1915-1916ի Ջարդերն Ու Բռնագաղթերը” (Massacres and Deportations of 1915-1916) խորագրին տակ ականատեսներու վկայութիւններ կը յիշէ 49-72րդ էջերուն մէջ:
Ռաֆայէլ Լեմքին կը ներկայացնէ ոչ-հայ ականատեսներու վկայութիւններ հայկական կոտորածներու եւ տառապանքի մասին, թէ ինչպէս թուրքերը կը ստիպեն հայ մանկահասակ տղաքը եւ ծերերը բեռ կրելու օսմանեան բանակին համար: Ըստ գերմանացի ականատես վկայի մը` հայերը ճամբան կը կողոպտուին թուրք աւազակներու կողմէ, կը ծեծուին, կը խոշտանգուին ու կը սպաննուին 1914-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ եւ թէ ինչպէս կիներ, մանուկներ, ծերեր ու անկար մարդիկ առանց բան մը առնելու բռնագաղթի ճամբան կը բռնեն իրենց վրայի հագուստներով միայն:
“Allgemeine Missione Zeitschaft”- “Գերմանական Առաքելութեան Ժամանակագրութիւն” գերմանական թերթը 1915-ի Նոյեմբերին կը գրէ. “Ոստիկան մը մեզի պատմեց թէ ինչպէս թուրքերը խումբ մը աքսորուած հայ կանանց եւ երեխաներու հետ կը վարուէին: Մենք սարսռացինք: Անոնք հայերը առանց որեւէ խոչընդոտի մորթեցին: Ամէն օր տասը կամ տասներկու հայ հեղեղատներու մէջ կը նետուին: Թուրքերը քալելու անկարող մանուկներու գանկերը կը փշրեն: Առաւօտ մը լսեցինք մահուան դատապարտուած խումբ մը հայերու տարուելուն մասին: Անոնց կրած տառապանքներն ու դժբախտութիւնը աննկարագրելի էին: Բանտարկեալները քար լռութեամբ կը քալէին: Երիտասարդ եւ ծեր մարդիկ ծանր բեռներու տակ կը յառաջանային: Իրարու կապուած, անոնք բարձր ժայռերու վրայէն Եփրատի ջուրերու մէջ նետուեցան: Մեր ոստիկանը պատմեց թէ այդ բռնագաղթուած հայերը Մամախաթունէն քշուած էին: 3000 հայ կիներ ու երեխաներ բնաջնջուեցան”:
Իսկ “Սոնենաֆկանկ”- “Sonnenafgang” գերմանական թերթը Հոկտեմբեր 1915-ին կը գրէ թէ Եփրատի ափերուն գտնուած դիակները գազանաբար մորթուած էին: Արուներուն սեռային օրկանները կտրուած էին, իսկ էգերուն դիակները կտոր-կտոր եղած: Թուրքերը շատ վատ վերաբերմունք ցոյց կու տային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակի հասած հայոց: Այս արարքը քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն սարսափելի կը թուէր:
Ռաֆայէլ Լեմքին Եդեսիայէն սուրիացի ականատես Լուիս Կանիման կը վկայակոչէ հայկական կոտորածներուն մասին. “1915-ի աշնան, տասը հազար հայ կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ Մուհամմատ Խան կոչուած անապատային վայրը կը քշուին: Առաջին քանի մը օրերը թուրք ոստիկան-զինուորները իրենց զոհերը կողոպտելով կը զբաղին: Մերկ վիճակի մէջ ցուրտէն ու անօթութենէն տառպելով, անոնցմէ երկու հազար հոգի կը մահանայ: Հարիւրաւորներ ծարաւէ տառապելով, ինքզինքնին ջուրի պարապ շտեմարաններուն մէջ կը նետեն եւ իրենց կեանքին վերջ կու տան: Անոնցմէ մեծ թիւով մարդիկ քիւրտերու կողմէ սպաննուելով միւս դիակներուն վրայ կը կուտակուին: Այս ձեւով տասնըերեք շտեմարաններ հայոց դիակներով կը լեցուին: Մնացեալ հազարաւոր հայերը հարիւրաւոր քիւրտ զինեալներու եւ 150 թուրք ոստիկաններու ձեռքերով զիրենք շրջապատող չոր խոտերու հետ կրակի կը տրուին: Թուրքերն ու քիւրտերը նախ քան կրակի տալը իրենց զոհերը կը կողոպտեն: Փախուստ տուողները իսկոյն ատրճանակի գնդակներով կը սպաննուին: Կարաւանին մնացեալ մարդիկը, որ քանի մը հազար կը հաշուեն չարչարանքով կը սպաննուին”:
Լեմքին կը յիշէ նաեւ թէ Թուրքիոյ մէջ Գերմանական Առաքելութեան Անձնակազմի չորս անդամներ, Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հասցէագրած 8 Հոկտեմբեր 1915 թուակիր նամակին մէջ հետեւեալը կ’ըսեն. “Ի տես դպրոցի շէնքին շրջակայքը ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ պարզուող սարսափի տեսարաններուն, մեր կրթական գործունէութիւնը մարդկութեան ծաղրանքը կը դառնայ: Դրացի շէնքերուն մէջ մահը կը խլէ մեր հայ աշակերտներուն սովէ տառապող հայրենակիցները: Մերկ կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ գետին պառկած կը տեսնուին իսկ ուրիշներ` իրենց համար պատրաստուած դագաղներու կողքին պառկած, վերջին շունչը կը քաշեն: Այս բոլորը թուրք բարձրաստիճան զինուորականներուն եւ պաշտօնեաներուն աչքերուն առջեւ տեղի կ’ունենան: Քառասուն կամ յիսուն նիհարցած ուրուականներ խռնուած են մեր դպրոցի շէնքին հանդիպակաց բնակարանին մէջ: Իրենց խելքը կորսնցուցած կիներ, որոնք ուտելը մոռցած են, հոս ու հոն կը թափառին… Կարելի է ակնկալել աւելի ահռելի արիւնահեղութիւն Ճեմալ փաշայի հրատարակուած հրամանէն ետք (Պաղտատի երկաթուղային ընկերութեան երկրաչափներուն արգիլուած է հայկական կարաւաննեը լուսանկարել, անոնք պարտաւոր են արդէն իսկ լուսանկարուած ֆիլմերը յանձնել 24 ժամուան ընթացքին` Օսմանեան Պատերազմական Ատեանին առջեւ հետապնդուելու եւ դատուելու սպառնալիքով): Ասիկա փաստ մըն է թէ պատասխանատու հեղինակութիւնները անոնց հչապարակումէն կը վախնան, սական անոնց մօտ մտադրութիւն չկայ վերջ դնելու այս տեսարաններուն, որոնք նախատինք են մարդկութեան”:
Ռաֆայէլ Լեմքինի թղթածրարը կը պարունակէ նաեւ Օսմանեան Պետութեան մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուին ուղղուած Գերմանական Առաքելութենէն ականատես վկայի մը զեկոյցը. “Խարբերդի նահանգին մէջ ուրիշ ահռելի տեսակի էին այն չարչարանքները, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը երեք ամիս: Թուրքերը կոպտօրէն վարուեցան հայ բարձր դասակարգի ընտանիքներուն հետ: Ոտքեր, ձեռքեր եւ կուրծքեր փայտի կտորի մը վրայ գամուած էին: Ձեռքերու եւ ոտքի մատներու եղունգները քաշուած էին, ինչպէս կ’ընեն ձիերուն: Ուրիշներ պահարաններէն կախուած էին ոտքերը վեր եւ ձեռքերը վար դիրքով: Որպէսզի դուրսը հաւաքուած ժողովուրդը անոնց ճիչերուն եւ աղաղակներուն ձայները չլսէ, իրենց մարդիկը թմբուկներով եւ սուլիչներով կ’աղմկէին այն բանտին շուրջը, ուր այս վայրագութիւնները կը կատարուէին”:
Ռաֆայէլ Լեմքին նոյնիսկ թուրքի մը վկայութիւնը կը յիշէ: Թրքական բանակին ծառայած եւ հայոց կոտորածի դէպքերուն ականատես եղած իսլամ պաշտօնեայ մը կը զեկուցէ. “1915-ի Օգոստոսին Մուշի արուարձաններուն մէջ մեծ թիւով հայ տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու դիակներ տեսայ, գետինը փռուած: Ոմանք գնդակահարուած էին, սակայն անոնց մեծ մասը ահռելիօրէն յօշօտուած էր: Մուշի մօտ գիւղի մը մէջ տեսայ փողոցները թափառող կիներ եւ մանուկներ, որոնք վայրին չէին ընտելացած եւ շատ նիհարցած էին: Մօտակայ գիւղին մէջ բաւական թիւով հայոց դիակներ ջուրին վրայ կը ծփային, քանի մը հատն ալ գետեզերքը նետուած էին: Հոտը շատ վատ էր եւ ջուրը չէր խմուէր”:
Ցեղասպանութիւն եզրին հեղինակ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին այս բոլոր վկայութիւնները նշած է իբր փաստագրական հիմնաւորում իր ստեղծած օրէնսգիտական բառին, որ թրքական կամ այլ կողմերու Հայոց Ցեղասպանութեան ուռացման ամենահզօր հարուածն է: