Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ Փալմ Սփրինկ ֆիլմարուեստի միջազգային 25-րդ փառատօնը: Փառատօնին վարագոյրը պիտի փակուի 13 Յունուարին: Փառատօնի բացման հանդիսութեան ընթացքին, գլխաւոր յանձնախումբը յատուկ մրցանակ մը շնորհեց դերասանուհի Ճիւլիա Ռոպերցին՝ «Օկըսթ» ժապաւէնին մէջ մարմնաւորած դերին համար: Պատուոյ մրցանակներ ստացան նաեւ բեմադրիչ Սթիվ Մաքուինը ( 12 Եյիրզ Է Սլէվ ) Սանտրա Պուլոքը (Կրեվիթի) եւ Պրուս Տըրնը ( Նեպրասքա) ժապաւէններուն մէջ իրենց մարմնաւորած դերերուն համար համար: