ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոն, 17 Յունուարին կոչ ըրաւ քոնկրեսականներուն, որ վերացնեն Արցախ այցելելու դէմ դրուած արհեստական արգելքները, Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ երթեւեկութիւն ու անխափան հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով։
Այս նպատակով, Փալոն Քոնկրեսին ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող՝ «Միացեալ Նահանգներ-Արցախ ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան բանաձեւ»ը։
«Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է աջակցին աշխարհի տարածքին ազատ երկխօսութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում ապահովելու ջանքերուն։ Արցախը ժողովրդավարական յաջող կառավարութիւն մը ունի, եւ Միացեալ Նահանգներու ու այլ երկիրներու հետ անոր փափաքած յարաբերութեան դիմաց արգելքներ պէտք չէ դնել։ Անցեալ Սեպտեմբերին Արցախ կատարած մեր այցելութիւնը ցոյց տուաւ, թէ հոն որքա՛ն յառաջդիմութիւն արձանագրուած է վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, եւ ուրիշներ եւս Արցախ այցելելու առիթը պէտք է ունենան», յայտարարեց Փալոն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան իր կարգին ողջունեց Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն դէմ կանգնեցուած պատերը «մրճահարելո՛վ» քանդել փորձող Փալոնի սոյն օրէնսդրական քայլը՝ աւելցնելով, որ նման շփումներ հաստատելով աւելի՛ արագ պիտի բացայայտուին Ատրպէյճանի բռնարարքները՝ տագնապին իրականութիւնը յստակ դարձնելով ամերիկացի պաշտօնատարներուն։
Բանաձեւը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլզի կողմէ առաջ մղուած այն պայմաններուն, որոնց նպատակն է սահմանային բախումները նուազեցնել։
Բանաձեւին մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել http://anca.org/USArtsakh-factsheet կայքէջը, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին բանաձեւին համար իրենց շրջանի քոնկրեսականին աջակցութիւնը ապահովել, կրնան այցելել anca.org/USArtsakh կայքէջը։
Յիշենք, որ Արցախի անկախութեան հաստատումէն ի վեր՝ դէպի Արցախ ամենաշատ այցելութիւններ կատարած քոնկրեսականը կը հանդիսանայ Փալոն։ Վերջին անգամ ան Արցախ այցելեց անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, քոնկրեսականներ Թուլսի Կապարտի եւ Տէյվիտ Վալատաուի հետ։ Այդ այցելութեան ընթացքին Փալոն նաեւ ելոյթ մը ունեցաւ Արցախի խորհրդարանէն ներս։ Այդ ելոյթէն հատուածներ կարելի է դիտել https://youtu.be/dvyGusresvY կայքէջին վրայ։