ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք ազգայնամոլ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման՝ նշելով․ «Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուքը կ՛ըսէ՝ դարձեալ պիտի ընենք (բնաջնջենք-Խմբ.): Մահացանք: Սակայն, անոնք, որոնք մնացին, չդադրեցուցին արդարութեան համար մղուող պայքարը եւ ինձմէ ետք ալ պիտի չդադրեցնեն»։
Յիշեցնենք, որ Օզտաղ, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Փայլանի գրառման՝ գրած էր․ «Անդաստիարակ, սադրիչ անձաւորութիւն: Եթէ շատ գոհ չես, գնայ սատանային գիրկը: Թալէաթ փաշան աքսորեց ոչ թէ հայրենասէր հայերը, այլ քեզի նման թիկունքէն հարուածողները: Երբ գայ ժամանակը քեզի ալ նոյնը պիտի պատահի եւ պիտի պատահի»:
Իբրեւ աջակցութիւն Փայլանի՝ կուսակցական շարք մը գործիչներ հանդէս եկան Օզտաղը քննադատող յայտարարութիւններով:
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր, Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութիւնը Օզտաղի դէմ դատ բացաւ Փայլանին սպառնալու քայլին համար, կը տեղեկացնէ Սթոքհոլմի Ազատութեան կեդրոնը։