Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Փայլանի Հայերէն Խօսքերը Խորհրդարանի Արձանագրութիւններուն Մէջ «X» Նշանը Կրած Են

January 22, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0

Տինքը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պաշտպանեց խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ միասին ապրելու կամքը: Սակայն, դժբախտաբար, ասկէ ճիշդ 11 տարի առաջ սպաննուեցաւ պետութեան հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութեան կողմէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ելոյթը այս խօսքերով սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:

«Յանցագործութենէն շուրջ երեք տարի առաջ իր պարբերականին մէջ Տինք հարապարակեց տեղեկութիւն այն մասին, թէ Սապիհա Կէօքչենը` Աթաթուրքի որդեգիր զաւակը, հայ որբ է: Թուրքիոյ մէջ անձի մը հայ ըլլալուն մասին պնդումը անմիջապէս ընդունուեցաւ իբրեւ մեծ յանցանք: Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը հայ ըլլալու մասին այդ պնդումը յանցագործութիւն նկատեց: Սպայակոյտը յատուկ յայտարարութեամբ թիրախաւորեց Հրանդ Տինքը, յայտարարուեցաւ, թէ ան «կը վիրաւորէ թրքականութիւնը»: Ի հարկէ, ասոր որոշակի զարգացումներ յաջորդեցին», նշած է երեսփոխանը:

Փայլան յիշեցուցած է, որ նոյնիսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները եւ ներկայացուցիչները չխորշեցան Տինքը թիրախաւորող յայտարարութիւններէն: Օրինակ, այն ժամանակուան արդարադատութեան նախարարը Հրանդ Տինքի համար յայտարարած էր. «Թիկունքէն մեզ կը դաշունահարեն»: Նմանօրինակ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ այն ժամանակ երեսփոխան Ճեմիլ Չիչեք: «Այդպիսի դէպքերու մէջ Տինք նոյնիսկ կանչուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարան, ուր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անոր սպառնացին` ըսելով. «Չափդ գիտցի՛ր»: Եւ այդ ամբողջ ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան ղեկին էր եւ կը հետեւէր կատարուող իրադարձութիւններուն: Եւ այս բոլորին պատճառով` ամբողջ պետութեան մը հետախուզական մարմիններու տեղեկացուածութեան պայմաններուն մէջ, անոնց աչքին առջեւ Տինքը սպաննուեցաւ», նշած է Փայլան:

Ան ընդգծած է, որ թէեւ բազմիցս իրենք երկրին իշխանութիւնները յորդորած են հետամուտ ըլլալ յանցագործութեան բացայայտման գործին մէջ, սակայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փոխարէնը յանցագործութեան մէջ մեղաւոր բոլոր գործիչներուն պաշտօնները բարձրացուց` դարձուց նախարար, նահանգապետ, հետախուզական վարչութեան ղեկավար: Փայլանի համոզումով` այս անհետեւողականութիւնն է պատճառը, որ երկրին մէջ կը շարունակուին յանցագործութիւնները, հասարակութեան տարբեր հատուածներ մէկը միւսին դէմ դուրս կու գան, յեղաշրջման փորձեր տեղի կ՛ունենան:

«Յարգելի՛ գործընկերներ, տակաւին շատ չենք ուշացած: Գիտեմ, որ հիմա ոտքի պիտի կանգնիք եւ ըսէք` գործին մէջ ներգրաւուած երկու կիւլենական կայ, անոնք են մեղաւորները: Սակայն ո՛չ, միայն կիւլենականները չեն, այստեղ ամբողջ պետութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը կայ: Յիշեցէ՛ք, որեւէ անպատիժ յանցագործութիւն նոր յանցանքի պատճառ կը դառնայ: Մի՛ մոռնաք, յանցագործները թաքցնողները եւս մեղսակից են», յայտարարած է Փայլան:

Ան նշած է, որ իրենք` Տինքի ընկերները պիտի շարունակեն արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը: Խօսքի վերջաւորութեան դիմելով Հրանդ Տինքին, ան հայերէնով ըսած է. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ: Շատ ապրիս, Հրանդ»:

Ուշագրաւ է, որ խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի կողմէ արտասանուած հայերէն խօսքերուն վրայ «x» նշան դրուած է:

Previous Post

Դիմաւորելով 100-ամեակը (2). Ներազգային Փտածութիւնը Եւ Մեր Սիրած Դիրքապաշտութիւնը

Next Post

Ատրպէյճանը Բանակցային Հանդիպումները կը Փորձէ Տապալել Սահմանին Սադրանքներու Դիմելով. Դաւիթ Բաբայեան

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.