ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ խորհրդարանի Սահմանադրութեան եւ արդարադատութեան հարցերու խառն յանձնախումբին ուղարկուած է չորս պատգամաւորներ անձեռնմխելիութենէ զրկելու դիմում մը, կը հաղորդէ rudaw.net կայքը:
Յիշեալ դիմումով պահանջ կը ներկայացուի դադրեցնելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեք եւ քրտական Ժողովրդավարական տարածաշրջանային կուսակցութեան մէկ պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւնը: Անոնց մէջ է նաեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան: