Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան դարձեալ խորհրդարանին առաջարկած է 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած ջարդերուն հանգամանքները հետաքննել: «Արմէնփրես» սոյն լուրը քաղած է թրքական «թէ24» կայքէն:
Փայլան նշած է, որ ինք այս հարցը ամէն տարի կը բերէ խորհրդարանի օրակարգ, սակայն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր հետ համախոհական կառավարութեան մէջ գտնուող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնները զայն կը մերժեն:
Հիմնաւորելով այս յանցագործութիւններու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը` Փայլան նշած է, որ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները կը կրկնուին:
6 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ թրքական մամուլը թուրք ամբոխը գրգռելու նպատակով կեղծ լուր կը հրապարակէ, թէ իբրեւ թէ Սալոնիքի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի տունը պայթեցուած է:
Պոլսոյ, Իզմիրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ հրահրուած թուրք ամբոխները կը յարձակին ազգային փոքրամասնութիւններու` հայերու ու յոյներու, ինչպէս նաեւ անոնց սեփականութիւններուն, տուներուն, եկեղեցիներուն, գերեզմանատուներու վրայ, եւ կը կատարեն սպանութիւններ ու զանգուածային աւերումներ: