Կիրակի, 1 նոյեմբեր, Արցախի սահմանագիծի երկարութեան վրայ լարուածութիւնը մնաց անփոփոխ: Յառաջխաղաց արձանագրելու ազերի թշնամիին բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան անհաւանական նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարը, աւելցնելով՝ .«որովհետեւ տակաւին գոյութիւն չունին արդարացուցիչ ենթատուեալներ, հետեւաբար կարելի չէ հաստատել ամբողջական զինադադար» յայտնեց Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, թէ օրուան ընթացքին նշանակալի դիրքային փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած այսօր:
Ռազմական գետնի վրայ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը երկու անդաչու թռչող սարք խոցեց Ստեփանակերտի օդային տարածութեան մէջ: «banak.info»-ն հաղորդեց, թէ հայկական ուժերը Արցախի մէջ ոչնչացուցած են թշնամիի ստորաբաժին մը եւ գրաւած անոր հրամանատարին ինքնաշարժը:
«Al Jazeera» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ, կը նշանակէ՝ առանց հայերու Լեռնային Ղարաբաղ, կը նշանակէ՝ ցեղային զտում: Փաշինեանի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի համար անհրաժեշտ է կիրարկել «Անջատում յանուն փրկութեան» բանաձեւը:
Փաշինեան ընդգծեց, թէ զինադադարի խախտումները պայմանաւորուած են պատերազմը շարունակելու Պաքուի եւ Անգարայի ցանկութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ հակամարտութիւնը կարգաւորելու ուղղութեամբ Ալիեւի դիրքորոշումը հասցուցած է ներկայի իրավիճակին: Փաշինեան շեշտեց, որ Թուրքիա կը վարէ դէպի հարաւ (Միջին Արեւելք) Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու քաղաքականութիւն:
«Sputnik International»-ին տրուած հարցազրոյցին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան միջազգային ընտանիքէն պահանջեց հակադարձել Թուրքիոյ գործելաոճին եւ ոչ՝ խրախուսել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այսօր ժամանեց Պաքու: Անգարա չի պահեր Արցախի վրայ յարձակումին իր մասնակցութիւնը:
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու կոչ մը յղեց այսօր առաւօտեան: