Հայաստանի կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստի ընթացքին հաստատուեցաւ երկրին 2020-2022 թուականներու պետութեան միջնաժամկէտ ծախսերուն ծրագիրը:
Կառավարութեան 11 Յուլիսի նիստին ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, թէ որոշուած է 1 Յունուար 2020-էն սկսեալ, Հայաստանի մէջ 10 տոկոսով բարձրացնել կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան 1 Սեպտեմբերէն` ուսուցիչներուն աշխատավարձերը:
Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի` փոփոխութիւնը կը վերաբերի շուրջ 560 հազար քաղաքացիներու:
«Նաեւ պիտի փորձենք մէկ ծրագրի շրջանակին մէջ լուծել 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքով բնակարան կորսնցուցած այն քաղաքացիներու բնակարանային խնդիրները, որոնց նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները այս պահուն իրաւապէս արձանագրուած են: Այդ նպատակով պիտի յատկացուի 3 միլիառ դրամ: Ինչ կը վերաբերի ծրագրի մանրամասնութիւններուն եւ հարցի մեթոդաբանութեան, անոնք հետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստակացուին»,-նշեց ան` յիշեցնելով, որ Յունիս մէկէն արդէն բարձրացած են զինուորականներու աշխատավարձերը: