«The New York Times» ին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը հարցնէ .« Միացեալ Նահանգները պէտք է բացատրէ, թէ արդեօ՞ք այդ F-16-երը տրուած են խաղաղ գիւղերը ու խաղաղ բնակիչները ռմբակոծելու համար»:
Ան կ’աւելցնէ, թէ սոյն մտահոգութիւնը փոխանցած է Մ.Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռոպերթ Օպրայընին: «Նախագահ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդականի հետ հինգշաբթի կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ հարցուցի՝ ինչու՞ ոչինչ չի ձեռնարկուիր, որպէսզի Մ. Նահանգներու երկարամեայ դաշնակից Թուրքիոյ թոյլ չտրուի ամերիկեան արտադրութեան F-16-եր օգտագործել հայերու դէմ»:
Փաշինեան հարցազրոյցի ընթացքին դիտել կու տայ, որ հակամարտութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր հարթութիւն փոխադրուած է Ազրպէյճանի օգտին Թուրքիոյ անմիջական ռազմական միջամտութեան պատճառով:
Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան կը մերժէ պատասխանել՝ խաղաղ կարգաւորման պարագային որեւէ տարածութիւն յանձնելու պատրաստակամութեան, պնդելով, որ հարցումին պէտք է պատասխանէ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը: