Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, թէ Արցախի պատերազմի դադրեցման ուղղուած քայլին չերթալը աւելի մեծ զոհեր եւ կորուստներ կ’ենթադրէ: Ան կը հաւաստէ, թէ որոշումը առնուած է վերլուծութիւններու, զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի եւ Արցախի նախագահի գնահատականներուն հիման վրայ:
Վարչապետին խօսքով, ռազմական գործողութիւնները շարունակուելու պարագային, մեծ հաւանականութիւն կար, որ թշնամիին ուժերը գրաւէին Ստեփանակերտը, Մարտունին, Ասկերանը, պաշտպանական շրջանները, այնտեղ գտնուող զինուորներով, կը յայտնուէին շրջափակաման մէջ: Տեղի կ’ունենար ամբողջական փլուզում: Փաշինեան կ’ընդգծէ, թէ այդ գնահատականի հիման վրայ կայացած է որոշումը:
Անդրադառնալով Շուշիի անկումին, Շուշիի շորջ դաւադրութիւններու խօսակցութեան՝ վարչապետը նշեց, թէ անկումէն ետք երկու անգամ վերատիրանալու փորձ կատարուած է, մէկը ձախողած է, միւսին ժամանակ ջոկատ մը յաջողած է ներս մտնել Շուշի, բայց ոչինչ փոխուած է իրադրութենէն: